ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ չինարէնի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը տարուէ տարի կ՛աւելնայ՝ կրթական հաստատութիւններու ուսումնական ծրագիրներուն մէջ լեզուի ներգրաւման բերումով: Չինարէնի ուսուցումը կազմակերպելու նպատակով Երեւանի պետական համալսարանին մէջ եւս բացուած է չինարէնի եւ չինական մշակոյթի կեդրոն:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էր Հայաստանի մօտ Չինաստանի դեսպան Թիան Էրլունի:
Ըստ դեսպանին՝ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին արդէն երեք չինական կեդրոններ հիմնուած են Հայաստանի մէջ, ինչ որ ուրախալի է իրեն համար։ «Ատիկա կը վկայէ, որ հայ-չինական յարաբերութիւնները կը զարգանան քաղաքական եւ տնտեսական, ինչպէս նաեւ կրթական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ: Չինաստանի մէջ եւս կայ այս գործընթացը. երկու համալսարաններու մէջ արդէն բացուած են հայկական կեդրոններ եւ հայերէն կը դասաւանդուի: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Չինաստան այցելութեան ընթացքին եւս քննարկուած են կրթական համագործակցութեան հարցերը, եւ ես վստահ եմ, որ ապագայ տարիներուն մենք պիտի ունենանք չինարէնին տիրապետող հայ եւ հայերէնին տիրապետող չինացի ուսանողներ», ըսած է դեսպան Էրլունի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.