ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի կառավարութիւնը իր 22 Ապրիլի նիստին համաձայնութիւն տուած է Չինաստանէն զբօսաշրջիկներու խումբեր ընդունելու կարգին:
Չինաստանէն զանգուածային զբօսաշրջութեան այցելութիւններու կազմակերպումը կարելի եղաւ այն հանգրուանէն ետք, երբ վերջերս Չինաստանը Հայաստանին շնորհեց «Երաշխաւորուած զբօսաշրջութեան երկիր» կարգավիճակը: Այս մասին Դեկտեմբեր 2014ին յայտարարած էր Չինաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչը, Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ:
Աւելի կանուխ՝ 15 Յուլիսին, Պէյճինկի մէջ, համապատասխան փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրուած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.