
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Աշխարհահռչակ «System of a Down» ռոք խումբը իր ամբողջ կազմով արդէն Հայաստան կը գտնուի: Խումբի անդամները 21 Ապրիլին զրուցած են իրենց համակիրներուն հետ, որոնք համախմբուած էին «Մարիո»չ պանդոկին առջեւ։
Պաս կիթառահար Շաւօ Օտաճեան Դիմատետրի իր էջին վրայ տեղադրած է նոր հոլովակ, զոր ան նկարած է պանդոկի իր սենեակէն՝ տակը գրելով. «Կը սիրեմ այս ազգը»։