
Ապրիլ 15ին Լոնտոնի հեղինակաւոր Բրիտանական Ակադեմիոյ մէջ, Արմէն Սարգիսեանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուեցաւ մադու իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով հանրաճանաչ իրաւաբան Ճեֆրի Ռապըրթսընի «Անյարմար Ցեղասպանութիւն Մը. Ո՞վ Այժմ Կը Յիշէ Հայերը» (An Inconvenent Genocide. Who Now Remembers the Armenians) գիրքի շնորհահանդէսը, որ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած կարեւոր ձեռնարկներէն մէկը կը հանդիսանայ:
Ներկայ էին դեսպաններ, դիւանագէտներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, բրիտանահայ համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ լրագրողներ:
Արմէն Սարգիսեան, ներկայացնելով գիրքին հեղինակը՝ նշեց Ճեֆրի Ռապըրթսընի երկարամեայ աշխատանքը նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան, որուն արդիւնքն է միջազգային հանրութեան ուշադրութեան ներկայացուող այս կարեւոր գիրքը:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ հեղինակը, որ անդրադարձաւ գիրքը գրելու դրդապատճառներուն: «Անյարմար Ցեղասպանութիւն Մը. Ո՞վ Այժմ Կը Յիշէ Հայերը» հատորին նպատակը եղած է, իրաւական գետնի վրայ մասնագիտական գնահատական տալ Հայոց Ցեղասպանութեան: Իր ելոյթի աւարտին Ռապըրթսըն պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
Գիրքը հրատարակուած է Հայ Դատի բրիտանական մասնաճիւղի հովանաւորութեամբ ու Ատոմ եւ Սելա Թնճուկեաններու նուիրատուութեամբ:
Ո՞վ է Ճէֆրի Ռապըրթսըն
Ճ. Ռապըրթսըն բացառիկ ասպարէզ մը ունեցած է որպէս իրաւաբան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան փաստաբան: Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան դատաւոր: Ան մասնակցած է Անգլիոյ անուանի Օլտ Պէյլի (Old Baily) բարձրագոյն դատարանի բազմաթիւ դատավարութեանց, որոնցմէ յիշենք Մաթրիքս Չըրչիլը (Matrix Churchill), ուր ան բացայայտեց «Իրաքկէյ»չի (Iraqgate) գայթակղութիւնը, որ պատճառ դարձաւ Ճոն Մէյճըրի կառավարութեան անկման: Նշենք նաեւ, որ ան պաշտպանած է Սալման Ռուշտին, Ճիւլիան Ասսանժը, իբրեւ մարդկային իրաւանց պաշտպան փաստաբան՝ դատապարտողի դերով մասնակցած է Հեսթինկզ Պանտայի (Hastings Banda), ինչպէս նաեւ Մարդկային իրաւանց հսկիչ կազմակերպութեան անունով հրամանատար Փինոշէի (General Pinochet) դատավարութեանց: Եղած է առաջին նախագահը Միացեալ Ազգերու Պատերազմական ոճիրրներու ատեանին, Սիերա Լիոնէի մէջ: Նախագահած է նաեւ, որպէս «բացառիկ իրաւագէտ» Միացեալ Ազգերու Արդարութեան խորհուրդին (2008-12):