Կազմակերպութեամբ Փասատինայի «Լեռնավայր» եւ Մոնթեպելլոյի «Դրօ» կոմիտէութիւններուն, Հայոց Մեծ Եղեռնի վերաբերեալ «Defying Fate» (Ընդդէմ Ճակատագիրին) եւ «Our Cross» (Մեր Խաչը) գիրքերու ներկայացումը կատարուեցաւ Փասատինայի ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան կեդրոնին մէջ, Կիրակի, 8 Փետրուար 2015ի երեկոյեան:
Երեկոյթին յայտագիրը ձեռնհասութեամբ վարեց ուսանողուհի Լալէ Բագրատունին: Օրուան պատշաճ երգերով ելոյթ ունեցաւ Փայլա Գէորգեան, դաշնակի նուագակցութեամբ Ալէքս Պէրպէրեանի:
1915ի Հայոց Մեծ Եղեռնի սպանդներէն հրաշքով վերապրած երկու որբերու՝ Արամ Աւետեան եւ Տիրուհի Չէօմլեքճեան-Աւետեան ամոլին հայերէն առանձին-առանձին գրուած եւ հրատարակուած ամփոփ յուշերը՝ անգլերէնի թարգմանուած եւ «Defying Fate» վերնագիրին տակ միասին հրատարակուած գիրքը լուրջ վերլուծումով ներկայացուց իրաւաբան Ռաֆֆի Գասպարեան:
Իրաւաբան Գասպար Ճիւելէկեան գրախօսեց «Our Cross» խորագիրը կրող հատորը, որ թարգմանութիւնն է Մ. Սալբի գրչանունով ծանօթ բժիշկ Արամ Սահակեանի «Մեր Խաչը» վերնագիրով հրատարակուած հատորին, որ նոյնպէս վկայագրութիւն մըն է 1914էն մինչեւ 1918, Տարտանելի նեղուցէն մինչեւ Անգարա, մինչեւ Կիլիկիա, Սուրիա, Լիբանան, Պաղեստին, մինչեւ ԱնդրՅորդանան եւ Արաբական թերակղզի, թուրք պետութեան կողմէ տարագրուած հայերու վրայ ի գործ դրուած եղեռնական գործերուն, ոճիրներուն եւ բարբարոս արարքներուն:
Երկու գիրքերը լոյս ընծայող «Յակոբ Եւ Քնար Մանճիկեան Հրատակչութիւն»ի կողմէ խօսք առնելով Յակոբ Մանճիկեան ըսաւ, որ այս ձեռնարկը իր կարծիքով Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ գաղութին կողմէ 1915ի Հայոց Մեծ Եղեռնի 100ամեակին նուիրուած առաջին հանդիսութիւնն է, եւ իրեն կը յիշեցնէ ՀՅԴաշնակցութեան 100ամեակին առիթով, 22 տարի առաջ հրատարակուած ՀՅԴ Ալպոմ-Ատլաս Ա. Հատորի ներկայացման հանդիսութիւնը, նոյնպէս կազմակերպուած «Լեռնավայր» Կոմիտէին կողմէ, խանդավառ բազմութեան մը ներկայութեամբ, Ուաշինկթըն պողոտայի վրայ գտնուող ակումբի սրահին մէջ:
Յ. Մանճիկեան յայտնեց, որ այսօրուան ներկայացուած գիրքերը, խորքով եւ բնոյթով, թէեւ եղեռնական են, բայց իրենց էութեամբ նոյնքան հերոսական են, քանի որ անոնք կ՛արտայայտեն հայ ժողովուրդի վերապրելու կամքն ու վճիռը՝ իրեն պարտադրուած կործանարար եւ մահացու պայմաններուն մէջ: Ան «հերոս» անուանեց ներկայացուած գիրքերուն հեղինակները այն միակ պատճառով, որ անոնք քաջութիւնը ունեցան տարագրութեան ճամբաներուն վրայ իրենց կրած սարսափները, յետագային ինքնակամօրէն վերապրելու, եւ յանուն հայ ժողովուրդի յարատեւութեան, թաթխելով իրենց գրիչները հայ ժողովուրդի տառապանքի թանաքամանին սեւ մելանին մէջ, գրելու իրենց վշտայորդ ու տառապանքի յուշերը:
Յ. Մանճիկեան շնորհաւորեց ՀՅԴ «Լեռնավայր» եւ «Դրօ» Կոմիտէները «Defying Fate» եւ «Our Cross» հատորները միասնաբար հանրութեան ներկայացնելու իրենց որոշումին համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպելու կոչուած յանձնախումբի անդամներուն՝ մասնաւորաբար գործին ղեկավարութիւնը ստանձնող Յովիկ Սալիպային, ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակելու իրենց ջանասիրութեան համար: Ան շնորհաւորեց երեկոյթի գեղարուեստական բաժինին մասնակցող արուեստագէտները իրենց ելոյթներուն համար, դրուատեց ձեռնարկին ներկայ հասարակութիւնը իր քաջալերանքին համար:
Անդրադառնալով հայութեան ներկայ իրավիճակին, ան յայտնեց որ ազգովին կը գտնուինք վտանգաւոր հանգրուանի մը մէջ:
Ան ըսաւ, որ աշխարհի մէջ ցրուած 9էն 10 միլիոն հայութեան մեծագոյն տոկոսը՝ օրէ օր կը կորսնցնէ իր ազգային ինքնութիւնը, լեզուն, նկարագիրը, բարքերը, սովորութիւնները, կ՛օտարանայ եւ ակամայ կը հեռանայ իր հայկական կռուաններէն: Այս տխուր իրականութեան դարմանը, իր համոզումով, 1915ի Մեծ Եղեռնի հայ զոհերու յիշատակն ու այդ առթիւ կորսնցուցած հողերու պարագան աշխարհի չորս ծագերուն ապրող բոլոր հայերուն յիշողութեան մէջ վառ պահելու եւ մեր ազգային իրաւունքներուն տիրանալու պայքարն է: Ան շարունակեց՝ ըսելով. «Այս համոզումէն մղուած, 10 տարի առաջ, Հայոց Մեծ Եղեռնի 90ամեակին, տիկնոջս Քնարին հետ որոշեցինք անգլերէնի թարգմանել եւ հրատարակել 1915ի Հայոց Մեծ Եղեռնէն վերապրած տասը հայերու յուշերը, հիւսիսային Ամերիկայի անգլիախօս հայերը իրազեկ դարձնելու համար Թուրքիոյ կողմէ 1915ին գործուած Ցեղասպանական ոճիրին»:
«Ցարդ հրատարակած ենք վեց հատոր, ու կը յուսանք մինչեւ տարեվերջ թարգմանել ու հրատարակել եօթներորդ հատորը, ապա շարունակել այս գործը այնքան ատեն, որ մեր պայմանները կ՛արտօնեն»:
«Մենք կը յուսանք նաեւ, որ մեր օրինակը վարակիչ կը դառնայ, եւ մեր հրատարակած գիրքերն ու Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող ուրիշ գիրքեր կը թարգմանուին ռուսերէնի, ֆրանսերէնի, արաբերէնի, պարսկերէնի, սպաներէնի եւ ուրիշ լեզուներու, որպէսզի աշխարհի տարածքին ցրուած բոլոր հայերը՝ իրազեկ դառնալով 1915ին հայ ազգին նկատմամբ Թուրքիոյ գործած ոճիրներուն, Հայաստանի հայութեան հետ կը ձեռնարկեն Հայոց Ցեղասպանութեան սեւ արարքի սրբագրութեան գործին»: Յ. Մանճիկեան խօսքը աւարտեց՝ կարդալով բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի «Հայոց Լեռներում» քերթուածը:
Երեկոյթի եզրափակումը կատարեց Թամար Մաշիկեան՝ կրկնելով «Turkey Failed» ՀԵԴի լոզունքը. եւ որպէս ապացոյց յայտնելով, որ ներկայացուած գիրքերէն «Defying Fate»ի մէջ յիշուած Աւետեան ընտանիքը չոչնչացաւ, փաստը՝ հինգ Աւետեաններու ներկայութիւնն է այս սրահին մէջ, եւ անոնց անունները թուելով զանոնք հրաւիրեց ոտքի կագնելու:
Ապա Թամար Մաշիկեան ներկաներուն յորդորեց այցելել իրենց բնակած շրջանի հանրային գրադարանները եւ գիտնալով հանդերձ, որ գրադարանը չունի մեր «Genocide Library»ի վեց հատորներէն ոչ իսկ մէկ հատոր, պահանջեն, որ անոնցմէ մէկն ու մէկը տրուի իրենց: Ասիկա պատճառ կը դառնայ, որ գրադարանի վարչութիւնը փնտռէ եւ գտնէ այդ գիրքերը ու մատչելի դարձնէ զանոնք հանրութեան: Այս ձեւով 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը ճանչցուի ամերիկացի ընթերցող հանրութեան:
Ներկաները խանդավառուեցան այս առաջարկով:
Երեկոյթը աւարտած յայտարարելով, Թամար Մաշիկեան ներկայ ժողովուրդը հրաւիրեց այցելելու «Genocide Library»ի «Եղեռնական Մատենաշար» գիրքերը կրող սեղաններուն:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, ան յանձնարարեց այցելել www.genocidememoirs.com կայքէջը:
(ԹՂԹԱԿԻՑ)