Լոյս տեսաւ «Լորիին եւ Նարեկին Անմոռուկը» խորագիրով, Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեանի մանկական 9րդ գիրքը, որ բաղկացած է գունազարդ էջերէ եւ նախատեսուած է 4էն 8 տարեկաններու համար:
Պատմութիւնը կը սկսի, երբ Լորին եւ Նարեկը քոյր ու եղբայր, իրենց պարտէզին մէջ կը տեսնեն ծաղկած անմոռուկ մը: Առաջին էջով հայ մանուկին կը ներկայացուի 1915ը, երբ իրենց մայրը կ՛ըսէ. «Արդէն անցան հարիւր տարիներ, երբ ձեր մեծ պապիկներն ու մամիկները եւ շատ հայեր ապրեցան որքա՜ն տխուր օրեր»:
Պատմութիւնը կը շարունակուի, երբ Լորին եւ Նարեկը հիմնուելով անմոռուկի իմաստին վրայ, կը սկսին խոստանալու, թէ բնաւ պիտի չմոռնան իրենց հայ ինքնութիւնը, տալով կարգ մը օրինակներ: Ի վերջոյ, անոնք կը խոստանան ապագային պահանջատէր դառնալ
իրենց հայրենիքին համար, որպէսզի հայը բնաւ «տխուր» չըլլայ կրկին:
Քանի մը օր ետք, երբ Լորին եւ Նարեկը դարձեալ կը մօտենան անմոռուկին, կը նկատեն նոր ծաղկած անմոռուկներ, որոնք միասնաբար կը կազմեն գեղեցիկ փունջ մը, նոյնիսկ աւելի գեղեցիկ, քան կողքի ծաղկած կարմիր վարդը: Այս պատկերը ներկայացնելով, հեղինակը ի մտի ունեցած է միասնականութեան գեղեցկութիւնը:
Այս գրքոյկը կը փորձէ հայ ինքնութեան սերմեր ցանել հայ մանուկին հոգիին մէջ եւ առաջին խրատականը տալ պահանջատիրութեան՝ ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան:
Գիրքը տպագրուած է երեք տարբերակներով՝ արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն դասական ուղղագրութեամբ եւ արեւելահայերէն արդի ուղղագրութեամբ: Արեւիկ Նազարեան յանձն առած է արեւելահայերէնի վերածումը:
Օգտագործուած ոճն ու բառերը հասկնալի են նախատեսուած տարիքներու փոքրերուն:
Նկարազարդումը կատարած է հայազգի արուեստագէտ Առնօ Մարաթին:
Սոյն հրատարակութիւնը հրատարակուած է մասնակի հովանաւորութեամբ Համազգայինի «Ռիթա Տէմիրճեան» Ֆոնտին:
Գրքոյկէն օրինակներ ստանալու համար կարելի է հեռաձայնել 818-261-8647 թիւին կամ դիմել Կլենտէյլի 3 գրախանութներուն՝ «Սարդարապատ», «Պերճ» եւ «Ապրիլ»:
Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեանի նախկին հրատարակութիւններն են. «Լորիկը Եւ Ծիլիկը», «Նարեկին Պալատը», «Նարեկին Երազը», «Լորիկը Եւ Կենդանիները», «Լորին Եւ Նարեկը Հայաստանի մէջ», «Վարդենին Ու Եղեւնին», «Նամակներ Տիգրան Մեծին» եւ «Լորիին Եւ Նարեկին Ամառնային Ճամբարը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.