ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԵՐԵՔ ՕՐԵՐ «ՍՔԻՐՊՈԼ ՍԵՆԹԸՐ»Ի ՄԷՋ
Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100րդ տարելիցին առիթով, անցնող 8, 9 եւ 10 Ապրիլ 2015ի օրերուն տեղի ունեցան եռօրեայ միջոցառումներ «Սքիրպոլ» մշակութային կեդրոնին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ասպետներու համախմբումին եւ գործակցութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտին՝ Երեւան։ Երեք օրերու ընթացքին, աւելի քան 1200 ներկաներ մասնակից դարձան մէկը միւսը գերազանցող դասախօսութիւններու, ասուլիսի, ելոյթներու, գիրքի ներկայացման եւ միջազգային մամուլին մէջ դար մը առաջ լոյս տեսած Ցեղասպանութեան մասին պատմող թերթերու եզակի ցուցահանդէսին: Եւ այս բոլորը մշակուած, ծրագրուած եւ ներկայացուած բարձր պատասխանատուութեամբ, գիտակցութեամբ եւ խիղճով՝«Ինչ Բանի Աշխարհը Ականատես Դարձաւ Դար Մը Առաջ» ընդհանուր վերնագիրին տակ:
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ ԵՒ ԳԻՐՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեանի անխոնջ աշխատանքին պտուղն է այս հատորը՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան Լուսաբանումը Համաշխարհային Մամուլի Առաջին Էջերին» (Armenian Genocide: Frontpage Coverage in the World Press), որուն պաշտօնական ներկայացումը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 8ին: Երկու մեծ գորգեր՝ հիւսուած յետ ցեղասպանութեան տարիներուն հայ որբուկներու կողմէ, երեք օր շարունակ ներկաներուն յիշել եւ ապրիլ կու տային հայուն հարիւրամեայ պատմութիւնը. այդ գորգերէն մէկը նմանակն էր Սպիտակ Տան մէջ գտնուող գորգին, աւելի փոքր չափերով, պահուած ու պահպանուած գերմանացի Քունցլեր ընտանիքին կողմէ, որուն ներկայացուցիչը այդ օր ներկայ էր սրահէն ներս:
Ողջոյնի խօսքերով, հակիրճ ելոյթներով եւ գիրքի ներկայացումով հանդէս եկան քոնկրեսական Ատամ Շիֆ՝ տեսաերիզի ձայնագրութեամբ,Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Պրետ Շըրման, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Վալերի Մկրտումեան, գլխաւոր բանախօս, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեան, ՀԲԸՄի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետուհի Թալին Եագուպեան, Ասպետներու նախկին ատենապետ Գուրգէն Պերքսանլար, Ասպետներու վարչութեան ատենապետ տոքթ. Յարութ Եաղսըզեան, եռօրեայ հանդիսութիւններու հանդիսավար, Ասպետներու վարչութեան փոխատենապետ Գրիգոր Երեւանեան եւ փակման խօսքով՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան:
Պրետ Շըրման շեշտեց, որ Ցեղասպանութեան մերժումը դուռ կը բանայ նոր ցեղասպանութիւններու: Արժեւորեց ՀԲԸՄի կատարած աշխատանքը եւ գնահատագիրներ եւ ԱՄՆի դրօշակներ յանձնեց Ասպետներու ատենապետ տոքթ. Յարութ Եաղսըզեանին եւ դոկտ. Հայկ Դեմոյեանին:
Քոնկրեսական Ատամ Շիֆ ձայնագրուած ելոյթին մէջ կարեւորեց այն փաստը, որ թուրք կառավարութիւնը ձախողեցաւ, որովհետեւ այսօր հայութիւնը ունի հայրենիք եւ Սփիւռք: Նշեց, որ ինք եւ իր գործընկերները Ապրիլ 24ի առիթով պիտի դիմեն նախագահ Օպամային, որպէսզի Միացեալ Նահանգները ճանչնայ հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան դիմեց նաեւ հայութեան, որպէսզի Ցեղասպանութեան զոհ դարձած ընտանիքի անդամներու անուններ փոխանցեն իրեն schiff.house.gov հասցէով:
Վալերի Մկրտումեան շնորհակալական արտայայտութիւններէ ետք անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան նկատմամբ ներկայի միջազգային տարբեր դիրքորոշումներուն եւ յարգանքի տուրքը մատուցեց մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին:
Թալին Եագուպեան ՀԲԸՄիութեան խօսքը փոխանցելով նշեց, որ մեր միացեալ ցաւը մեզ աւելի զօրացուցած է այսօր, եւ կոչ ուղղեց բոլորիս, որ մասնակցինք Ապրիլ 24ի «Արդարութեան Քայլարշաւ»ին Փոքր Հայաստանէն դէպի թրքական հիւպատոսարան:
Գուրգէն Պերքսանլար անդրադարձաւ, թէ ինչպէս ծնաւ Ասպետներու վարչութեան այս ծրագիրը եւ ներկայացուց դոկտ. Հայկ Դեմոյեանը, որպէսզի խօսի «Հայոց Ցեղասպանութեան Լուսաբանումը Համաշխարհային Մամուլի Առաջին Էջերին» գիրքին եւ ցուցահանդէսին մասին:
Դոկտ. Հայկ Դեմոյեան դիպուկ պատասխաններ տուաւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հասցէին, կարեւորեց հայութեան Սփիւռք-հայրենիք միութիւնը Ցեղասպանութեան հարցով: Երեք-չորս տարի առաջ սկսուած այս գործը՝ միջազգային թերթերու ճակատին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող գրութիւնները, այսօր մէկ կողքի տակ ամփոփուած, կը ներկայանան հանրութեան: Այստեղ ինը երկիրներէ հաւաքուած թերթեր է, որ կը տեսնէք, նշեց ան: Սակայն, այս աշխատանքը կը շարունակուի եւ նոր թերթերով կը հարստանայ հաւաքածոն: Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց կիպրաբնակ Տիգրան Գալայճեանին, որ գլխաւոր հովանաւորն է այս թերթերու գնման: Դեմոյեան յատկապէս յիշեց նաեւ Եագոպ Քունցլեր ընտանիքի ներկայացուցիչը. այս ընտանիքը ութ հազար հայերու կեանքը փրկած է քեմալականներուն ձեռքէն: Անոնց քով գտնուող հայ որբերու հիւսած գորգը նոյնպէս կը ցուցադրուէր սրահին մէջ: Դեմոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, Ասպետներուն եւ Մակի Մանկասարեան-Կոչինին, որ մեծապէս օգտակար հանդիսացած է մշտապէս:
Յովնան արք. նոյնպէս երախտագիտական իր խօսքը ուղղեց կազմակերպիչ մարմիններուն եւ փոխանցեց իր պատգամը 100ամեակի այս ցուցահանդէսին առիթով, եզրափակելով, որ այս բոլորը «հրաշալի է, ներշնչող եւ ոգեշնչող է»:
Ելոյթ ունեցաւ Իրանահայ միութեան երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Միքայէլ Աւետիսեանի:
Ցուցահանդէսը բաց էր յաջորդող երկու օրերուն, առաւօտեան ժամը 11էն սկսեալ:
ԴՈԿՏ. ՈՒԿՈՐ ՈՒՄԻԹ ՈՒՆԿՈՐ ԵՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ
Ապրիլ 9ի երեկոյեան, նոյն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայոց կրած նիւթական վնասներուն մասին խիստ շահեկան դասախօսութիւն մը, ազգութեամբ թուրք, Երզնկա (Էրզնճան) ծնած, Հոլանտայի մէջ հասակ առած, Ամսթերտամի Ութրեխթ համալսարանի (Utrecht University, Institute of War, Holocaust, and Genocide Studies) երիտասարդ դասախօս դոկտ. Ուկոր Ումիթ Ունկորի կողմէ:
Գորգի մասնագէտ Հրաչ Կէօզիւպէօյիւքեան նախ անդրադարձաւ սրահին մէջ գտնուող երկու գորգերուն, որոնցմէ առաջինը եթէ նմանակն է Սպիտակ Տան գորգին, երկրորդը՝ Համիտեան ջարդերու շրջանին հիւսուած եղած է:
Ապա, օրուան հանդիսավար, ՀԲԸՄի Ասպետներու վարչութեան նախկին ատենապետ Գուրգէն Պէրքսանլար հանգամանօրէն ներկայացուց հիւր դասախօսը: Պալքանեան պատերազմի պարտութենէն ետք, Թուրքիոյ նպատակն էր Փոքր Ասիոյ մէջ ձերբազատուիլ հայէն ու Հայկական Հարցէն, ըսաւ ան:
Փրոֆեսէօր Ունկոր ներկայացուց Ցեղասպանութեան տնտեսական պատճառները (Economics of the Armenian Genocide and its consequences). թրքացումը հայկական կալուածներուն՝ անհատներու թէ պետութեան կողմէ: Աչքառու ապացոյցներ, փաստեր, որոնք մինչեւ օրս յստակօրէն ցոյց կու տան թուրք պետութեան, ինչպէս նաեւ անհատ քիւրտերու եւ թուրքերու կատարած անմարդկային արարքները:
Փրոֆ. Ունկոր ըսաւ, թէ ծրագրուած ու բազմակողմանի գործընթացի մը արդիւնքն էր 1915ը: Ան ութ մասերով ներկայացուց հայութիւնը իր սեփականութեան իրաւունքէն զրկելու մեծ ոճիրը: Այդ ութ կէտերն են. հետապնդում կամ հալածանք, ձերբակալութիւններ եւ գլխատում ուղեղներու, աքսոր, բռնագրաւում իրերու, զանգուածային սպանութիւններ 1915-16ին, բռնի ձուլում, արհեստական սովի իրավիճակ եւ վերջինը՝ նիւթական մշակութային արժէքներու ոչնչացում:
Ցեղասպանութեան գործադրութեան գլուխն էր լքուած գոյքերու յանձնախումբը, որուն հրամանները կատարելով, նահանգապետներ, քաղաքապետներ ու գիւղապետներ, համաձայն իրենց խիղճին կամ եկած հրահանգին՝ քանի մը օր ժամանակ կու տային կամ վայրկեանական այդ պահուն աքսորի ճամբան բռնել կու տային ժողովուրդին: Յատուկ հրամանագիրեր կ՛արգիլէին գոյքի վաճառքը եւ «կ՛ապահովէին», թէ վերադարձին իրենց ունեցուածքին պիտի տիրանային… Այս բոլորին գլուխը Թալէաթ փաշան էր, որ տեղեակ էր իւրաքանչիւր գիւղի վիճակէն: Հազարաւոր հեռագիրներէն միայն մէկը կարդալով, դասախօսը ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս պետութիւնը որոշած էր հայոց կալուածներն ու գոյքերը չվերադարձնել եւ յանձնել թուրքերու: Ամենայն բծախնդրութեամբ կատարուած էր տեղահանութիւնը: Հսկայական գումարներ պահուած մնացած են տեղական գերմանական դրամատուներու մէջ. բան մը, որ շատ դժուար է այսօր հետապնդել:
Փրոֆեսէօրը օրինակներով կը խօսէր, անոր խօսքը համոզիչ էր եւ անբռնազբօս: Մուշի, Վանի եւ Տիարպեքիրի շրջաններուն մէջ հայեր կը փայլէին տնտեսական հզօրութեամբ. անոնք տէր էին արհեստանոցներու, լայն թափ ստացած էր գինեգործութիւնը, պղնձագործութիւնը, մետաքսագործութիւնը: Թուրք հարուստ ընտանիքներ կը տիրանային հայոց հողերուն ու արհեստներուն՝ գողնալով ու թալանելով: Փրոֆ. Ունկոր երկու դիպուկ օրինակներ տուաւ, թէ ինչպէս իր գիրքը լոյս տեսնելէ ետք, Տիարպեքիրի կառավարիչ Մեհմէտ Ռէշիտ հայասպանի ընտանիքին եւ Փիրինչիզատէ ընտանիքին յետնորդները՝ որպէս ցեղասպանութիւն գործադրողի թոռներ, խիստ թշնամական գտնուած են եւ մերժած փրոֆ. Ունկորին արտայայտած միտքերը, որոնք պարզապէս իրականութիւն են:
Հայութեան թողած հողերն ու գոյքերը դարձեր էին նաեւ պայքարի սուղ ասպարէզ, թուրք եւ քիւրտ ժողովուրդին ու պետութեան մէջ: Թուրք հասարակ քաղաքացիներ մէկ օրէն միւսը կը հարստանային հայկական կալուածներով: Բնականաբար, մեծ բաժին մըն ալ կը հասնէր բանակայիններուն: Հողեր եւ այլ գոյքեր տրուած էին նաեւ ալպանացի թուրքերու, որպէսզի գային եւ հաստատուէին հայերու բնակարաններուն մէջ:
Եզրակացնելով, ան հայապատկան կալուածներու վերաբաշխումը ներկայացուց բուրգի ձեւով: Տարբեր դասակարգի մարդիկ տարբեր շահեր հետապնդելով հանդերձ իրարու հետ կը գործակցէին՝ օգտուելով իրավիճակէն: Թուրք պետութիւնը հայոց հարստութեամբ կը վերստեղծէր իր տնտեսութիւնը. կը կազմուէին հարուստ պուրժուա եւ միջին դասակարգերը:
Հարց-պատասխանի ընթացքին փրոֆ. Ունկոր նշեց, թէեւ ամէն շաբաթ մահուան սպառնալիքներ կը ստանայ իր հայրենակիցներէն, վախ չունի: Հետաքրքրական էր նաեւ, թէ առաջին անգամ 22 տարեկան հասակին լսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, եւ իր մեծ մայրը փաստացի տուեալներով պատմած է իրեն տասնամեակ մը առաջ: Այսօր Թուրքիոյ մէջ հայեր կան, որոնք լուռ են, նաեւ հայեր, որոնք բացայայտօրէն կ՛ընդունին իրենց հայութիւնը: Հետաքրքրական էր լսել Թալէաթ փաշայի ծոցատետրին մասին, որ առ այսօր պահուած է, իսկ գերմանացիներու կողմնակալ վերաբերմունքը կը մնայ մէկ այլ մութ էջը հայոց պատմութեան:
Հանդիսութեան աւարտին, Ասպետներու ատենապետ տոքթ. Յարութ Եաղսըզեան յուշանուէրով մը պատուեց հիւր դասախօսը:
ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ԱՍՈՒԼԻՍ ԲՌՆԻ ԻՍԼԱՄԱՑԱԾՀԱՅԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Երրորդ եւ եզրափակիչ օրը տեղի ունեցաւ բռնի իսլամացած հայերուն նուիրուած հրապարակային ասուլիսը՝ մասնակցութեամբ Յովնան արք. Տէրտէրեանի՝ առաջնորդ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի, եւ Րաֆֆի Պետրոսեանի՝ գրող, հասարակական գործիչ, «Զօրեան» ինստիտուտի խորհրդատու եւ դաշնակահար, նախկին պոլսահայ, որ կ՛ապրի Թորոնթօ: Բացման բարի գալուստի խօսք արտասանեց կազմակերպիչ վարչութեան փոխ ատենապետ Գրիգոր Երեւանեան: Ապա, ասուլիսը վարող-համադրող Գուրգէն Պէրքսանլար ներկայացուց Պետրոսեանի քաջարի քայլը, նախ՝ նորոգել տալու Տիարպէքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին, եւ երկրորդ՝ 50 հոգինոց հայութեան վերադարձող խումբ մը հոնկէ տանելով դէպի Հայաստան:
Րաֆֆի Պետրոսեան համեստութեան մարմնացում մըն էր: Անոր ջանքերով վերջին տարիներուն կատարուած է մեծ աշխատանք. եկեղեցւոյ վերանորոգում, մկրտութիւն, հայերէնի դասընթացքներ, եւ այս բոլորը այսօրուան Տիարպեքիրի մէջ… ուր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը քիւրտերէ կը բաղկանայ: Պետրոսեանի ելոյթը համեմուած էր լուսանկարներով եւ տեսանիւթով: Այսօր, 100 տարի ետք, ովքե՞ր են այդ «բախտաւոր» որբերը, որոնք իսլամացան, թրքացան ու քրտացան…
Ապա, յիշեց թիւեր եւ փաստեր: 60,000 հայ որբեր Քէազիմ Քարապեքիրի ձեռքին տակ վերածուած էին հայասպան անգութ զինուորներու: Ծախու հայ աղջիկներ, որոնք նոր կեանքեր ապրեցան լուռ ու մունջ: 2300 եկեղեցիներ եւ 700 դպրոցներ, որոնք մնացին անկենդան… Եւ ահաւասիկ, Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգումը ի՞նչ էր, եթէ ոչ ցոյց տալ, որ հայը հոն ապրած է: Այսօր քրտացած այդ հայ օրիորդներուն եւ տղաներուն թոռները ձայն կը բարձրացնեն, կը խօսին ու մաս մը անոնցմէ պատրաստ է հայութեան վերադառնալու: Իսկ մենք պատրա՞ստ ենք ընդունելու: Մենք՝ Սփիւռք եւ հայրենիք, պատրա՞ստ ենք ընդունելու մահմետական հայեր մեր մէջ… հարցումներ, որոնց պատասխանը պիտի տայ ժամանակը:
Տեսանիւթին մէջ յուզիչ եւ հարցադրիչ էր երկու քրտացած հայերու զաւակներուն մկրտութիւնը Ս. Էջմիածինի մէջ: Այս մասին իր միտքերը կիսեց նաեւ Յովնան արք. Տէրտէրեան: Ան յիշեց իր առաջին այցելութիւնը 1970ական թուականներուն դէպի Տիարպեքիր եւ Ս. Կիրակոս: Ապա, խորացաւ ինքնութեան խնդիրին մէջ: Ինչպէ՞ս բացատրել հայու ինքնութիւնը: Այս խնդիրը հայերուն յատուկ չէ միայն, ըսաւ ան, բոլոր ժողովուրդներն ալ ունին նման խնդիրներ: Հաւատքի խնդիրը Սովետական Հայաստանի մէջ ալ կար, եւ 1988էն ետք դժուարութիւններ դիմագրաւեցինք: Ո՞վ եմ ես, երբ հարց կու տայ իսլամացած հայու թոռը այսօր, պատասխանը այդքան ալ թափանցիկ չէ: Վերջապէս, գաղտնի հայերն ալ որբեր եղած են, անոնք ալ մեր մէկ մասնիկն են:
Անհրաժեշտ է այստեղ հաստատել, թէ Գուրգէն Պէրքսանլար ե՛ւ այդ երեկոյ, ե՛ւ նախորդ օրը մնաց իր բարձրութեան վրայ եւ լաւագոյնս կատարեց իրեն վստահուած պարտականութիւնը: Հարցումներուն ընթացքին, ան իր հակիրճ ու դիպուկ տեսակէտներով սատարեց երեկոյի յաջողութեան:
Հարցում-պատասխանի ընթացքին տեղեկացանք, թէ «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամը եւ անհատ ազգայիններ կ՛օժանդակեն Պետրոսեանի աշխատանքներուն: Գիտական արագընթաց այս դարուն շատ աւելի արագ է կապը, եւ թրքացած ու քրտացած հայերու ժառանգորդներ իրենք են, որ կը փնտռեն ու կը մօտենան հայութեան: Յովնան սրբազան ըսաւ, թէ հիմա է ժամանակը գործելու, իսկ Պետրոսեան աւելցուց, որ ութ տարի առաջ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը անկիւնադարձային եղաւ, մարդիկ սկսան բարձրաձայնել: Այս հայերը դժբախտաբար թէ՛ թուրքերու եւ թէ ալ Իսթանպուլի հայութեան կողմէ մերժուած էին, սակայն հիմա դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով ընդունելի կը դառնան հայութեան կողմէ: Ինչպէս որ որբերը մնացեր էին լուռ, այսօր ալ նոյնն է շատ-շատերու քով: Եզրակացնելով, Պէրքսանլար ըսաւ, թէ հայութիւնը պէտք է բաց ձեռքերով ընդունի բռնի իսլամացած հայերը։
Հանդիսութեան աւարտին, ՀԲԸՄի Ասպետներու համախմբումի ատենապետ տոքթ. Յարութ Եաղսըզեան յուշանուէրներով պատուեց ասուլիսին մասնակից յարգելի երկու հիւրերը: Իր տեսակին մէջ եզակի հանդիսութիւններու այս շարքը աւարտին հասաւ՝ մեծապէս լիցքաւորելով ներկայ հասարակութիւնը, որ երեք օրերու ընթացքին մտորումներով ծանրաբեռն, հայրենասիրական ջերմութեամբ բաժնուեցաւ սրահէն: Այս առիթով լոյս տեսած էր նաեւ 12 էջնոց կոկիկ յայտագիր-գրքոյկը, որուն համար կ՛արժէ շնորհաւորել կազմակերպիչ վարչութիւնը:
Շնորհակալութիւն բոլոր հիւր դասախօսներուն եւ Ասպետներու վարչութեան, նման աննախընթաց եւ բծախնդրօրէն կազմակերպուած եռօրեայ միջոցառումներուն համար: