Պերճ Զատոյեան, յանուն դաստիարակչական յանձնախումբին, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, եւ ամփոփ կերպով ներկայացուց հայր սուրբին կենսագրականը: Ապա ներկաներու ծափողջոյններու ներքոյ հրաւիրեց զինք սկսելու իր դասախօսութիւնը:
Հայր Պօղոս, ողջունելէ ետք ունկնդիրները, ըսաւ, որ Քրիստոս իր քարոզներուն եւ խօսքերուն մէջ նշանակալի տեղ յատկացուցած է ծոմապահութեան եւ պահեցողութեան: «Պատահական չէր, որ Ան իր երկրային փրկագործական առաքելութիւնն սկսաւ քառասնօրեայ ծոմապահութեամբ՝ օրինակ դառնալով բոլորին»: Ան նշեց, որ պահեցողութեան արմատները կ՛երկարին հին կտակարանին ընդմէջէն հասնելով Ադամին եւ Եւային, որոնց արգիլուած էր Աստուծոյ կողմէ նշուած ծառի պտուղէն ճաշակել: Առաքեալներ եւ աշակերտներ՝ նախքան որեւէ գործուղում, կը պատրաստուէին ծոմապահութեամբ, աստուածային ուղղութիւն եւ ներշնջում ստանալու համար: Ան հարց տուաւ, որ ինչպէ՞ս պէտք ապրիլ եւ գործել ծոմապահութեան ընթացքին, գնահատելի ըլլալու համար Աստուծոյ կողմէ եւ ցոյց տուաւ Մատթէոս աւետարանին մէջ յիշատակուած ողորմութեան եւ պահեցողութեան միջեւ կապը, ըսելով. «Պահքը միայն կենդանական սնունդէ հրաժարուելով պէտք չէ սահմանափակուի, այլ՝ ողորմութիւն կատարելով, որ պէտք է ըլլայ ծածուկ, եւ խիստ գաղտնի, որպէսզի անոր վարձատրութիւնը ըլլայ ոչ թէ մահկանացու մարդոց կողմէ, այլ Աստուծոյ կողմէ. գանձ թիզելով ոչ թէ երկրի վրայ՝ այլ երկնքի մէջ, միշտ մնալով հեզ եւ խոնարհ»: Ապա ան շեշտեց, որ աղօթքը պահեցողութեան անբաժանելի մէկ մասն է:
Հայր Սուրբը կանգ առաւ Տէրունական աղօթքին վրայ եւ ցոյց տուաւ Աստուծոյ կողմէ ընդունելի աղօթքի պայմանները: «Ծոմապահութիւնն ու պահեցողութիւնը պէտք է մարդոցմէ անյայտ մնան եւ տեսանելի եւ ընդունելի ըլլան միայն Հօր Աստուծոյ կողմէ, արժանանալու համար աստուածային վարձատրութեան», ըսաւ հայր սուրբը, օրինակներ բերելով առակներէն: Ապա, խօսելով Ոսկեբերան հայրապետի մասին, ան ըսաւ. «Իր ժամանակին, բարձրաստիճան իշխանաւոր մը, լսելով Ոսկեբերան հայրապետին փառքն ու գովասանքները, իր մօտ կանչել կու տայ հայրապետին, որ իշխանաւորին կը ներկայանայ գեղեցիկ զգեստաւորուած եւ մօրուքին ոսկէ փոշի ցանած: Իշխանը, ի տես հայրապետին հանդերձանքին կ՛ըսէ: «Հայրապետ, դուն Քրիստոսի ծառան ես, բայց ինչո՞ւ այսքան գեղեցիկ հագուած ես»: Ոսկեբերան հայրապետ, հանելով արտաքին շլացուցիչ զգեստները ցոյց կու տայ անոնց տակէն իր հագուած ուղտի մազէ պատրաստուած հագուստը»:
Հայր սուրբը իր դասախօսութիւնը եզրափակեց Քրիստոսի հետեւեալ խօսքերով. «Դուք նախ խնդրեցէք, որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք իր կամքը կատարել եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի»:
Ապա ան սիրով պատասխանեց ներկաները յուզող հարցերուն:
Դասախօսութիւնը վերջ գտաւ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի Պահպանիչով:
Ներկաները հրաժեշտ տուին, ընդունելէ ետք հայր սուրբին օրհնութիւնները:
Շնորհակալութիւն սիրելի հայր սուրբ: Վարձքերնիդ կատար Դաստիարակչական յանձնախումբի նուիրեալ անդամներ:
Այն բոլոր ազգայինները, որոնք կը փափաքին քաջալերել մեր հերթական դասախօսութիւնները եւ հովանաւորել յառաջիկայ ձեռնարկները, թող բարի ըլլան մեզ հետ կապ պահելու cvarmenianchurch@gmail.com հասցէով։
(Թղթակցութիւնը՝ եկեղեցիէն)