
«100 Լուսանկարչական Պատմութիւններ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին» Յատուկ Նախագծէն
Ռուսական «Իսկրը» պարբերականի 18 Հոկտեմբեր 1915ի թիւին մէջ տպագրուած՝ կոտորածներու զոհ դարձած հայ կանանց ու երեխաներու երեք լուսանկարներէն այս մէկը կը ներկայացնէ հայերու ցեղասպանութենէն դրուագ մը:
Նահատակուած կնոջ դիակի կողքին դատարկ սայլեր են. Երիտթուրքերու կառավարութեան հրամանին համաձայն՝ բռնագաղթեալ հայերու այս կարաւանը շարժած էր դէպի աքսորավայր՝ Միջագետքի անապատներ:
Ի տարբերութիւն Հոլոքոսթին, որու մասին միջազգային լայն հասարակութիւնը երկար ժամանակ տեղեկութիւն չունէր, Օսմանեան կայսրութեան մէջ Երիտթուրքերու կառավարութեան կողմէ իրագործուած հայերու զանգուածային բնաջնջման ծրագիրին մասին արդէն 1915ին հրապարակումներ յայտնուած են հայկական եւ համաշխարհային մամուլի էջերուն մէջ:
Կովկասեան ճակատին վրայ ռուսական բանակի յառաջխաղացքը ռազմական գործողութիւնները լուսաբանող լրագրողներուն եւ մամուլին թղթակցող անձերուն հնարաւորութիւն տուաւ մտնել տարածքներ, ուր բառացիօրէն օրեր ու շաբաթներ առաջ հայերը տանջած եւ կոտորած էին, կողոպտած էին անոնց ունեցուածքը, հիմնայատակ աւերած՝ հայկական բնակավայրերը:
Մամուլի մէջ շատ արագ յայտնուեցան հայերու հանդէպ կատարուած թրքական գազանութիւնները փաստող լուսանկարներ, որոնք առնուած էին օտար միսիոնարներու, ռուս զինուորականներու եւ հայ կամաւորներու կողմէ:
«Կոստանդնուպոլսոյ հայ պատրիարքը զեկուցած է կաթողիկոսին, որ առ այս պահը Թուրքիոյ մէջ բնաջնջուած է 850,000 հայ: Ինչպիսի՜ սարսափ կը փչէ այդ սառն թիւերէն: Անզէն մարդիկ ճանճերու նման կը սպաննեն, կը բնաջնջեն, միայն այն պատճառով, որ անոնք ազատութեան կը ձգտին… Գերմանացի սպաներու աջակցութեամբ «սահմանադրական» Երիտթուրքերու կողմէ մշակուած՝ Թուրքիոյ մէջ կը գործադրուի հայ բնակչութեան բնաջնջման համակարգուած ծրագիրը, եւ շատ հաւանական է, որ մօտիկ ապագային կու գայ օր մը, երբ Թրքահայաստանի մէջ ոչ մէկ հայ կը մնայ»:
« Իսկրը», Հոկտեմբեր 18, 1915
– See more at: http://www.genocide-museum.am/arm/08.04.2015-100photos.php#sthash.xPtSOJA0.dpuf
————————————————————————————————————————
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Keosian-Berberian LLP
Attorneys At Law
Personal Injury Medical Malpractice
Elder Abuse Property Damage
877.554.2226 kblawyers.com
————————————
Diamotec
Varoujan
& Armine
Koundakjian
————————————
Առ Ի Անմեռ եւ Խնկելի Յիշատակ՝
ՀՄԸՄի Գաղափարական Հիմնադիր,
«Մարմնամարզ» Պարբերականի Հրատարակիչ-Խմբագիր,
Մեծ Եղեռնի Զոհ
Շաւարշ Քրիսեանի
Մահուան Հարիւրամեակին
Իր Եղբորորդի, Գահիրէի Ազգային Վարժարաններու Մարմնամարզի
Երկարամեայ Ուսուցիչ եւ Մարզիչ
Արարատ Քրիսեանի
Մահուան Յիսնամեակին
եւ
Մեծ Եղեռնի Զոհ
Գէորգ Լիյլոզեանի
Մահուան Հարիւրամեակին
Եղբոր թոռ, որդի եւ թոռ Տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան
եւ ընտանիք
————————————
Property Management/Investment
100 West Broadway, Suite 950
Glendale, CA 91210
TEL: 818-956-7599
FAX: 818-546-8549
————————————
Ferrahian School
————————————
«Դաւթեան-Մարիամեան»
Կրթական
Հաստատութիւն
Վարչութիւն, Անդամներ
եւ Ուսուցչական Կազմ
—————————————-
Արա եւ Ռաքսէն Մաքասճեան եւ զաւակը՝ Ռազմիկ
————————————————————————————————————————-