ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռադիօ».- Ապրիլ 23ին, Պերլինի Մայր տաճարին մէջ, մասնակցելով Հայոց Ցեղասապանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութեան, Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուք պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Օսմայեան կայսրութեան մէջ իրագործուած 1915ի հայկական ջարդերը բնորոշեց իբրեւ «Ցեղասպանութիւն»:
«Այդ հայերու ճակատագիրը պատմութեան մէջ զանգուածային ոչնչացման, ցեղային մաքրագործման, կոտորածի, այո, ցեղասպանութեան յստակ օրինակ է, որոնցմով 20րդ դարը կը յիշուի սարսափելի ձեւով: Այսպէս, մենք կը խօսինք հրեաներու Ողջակիզման հետ այս իրադարձութիւններու նմանութեան մասին», ըսաւ Գերմանիոյ նախագահը:
Թրքական հիւպատոսարանէն ետք, կարժէ գերմանական – աւստրիական հիւպատոսարաններուն առջեւ երախտագիտութեան քայլարշաւ կատարել:
Անհրաժեշտ է, որ Միջհամայնքային Մարմինը ԿԱՄ ՀՅԴ-ն կազմակերպի մի յարմար ձեռնարկ, քաղաքական ու մշակութային լիցքաւորումով, իբրեւ երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն այն ԲՈԼՈՐ երկրներին, կառոյցներին ու անհատներին, ինչպէս նաեւ՝ Միացեալ Նահանգների 44 նահանգներին, որոնք արդէն ճանաչել են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս ձեռնարկին կը հրաւիրուեն նաեւ տեղական ու միջազգային մամուլն ու մեդիան, որոնք մի անգամ եւս կանդրադառնան Հայոց Ցեղասպանութեանը: