
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
…1918ի Զինադադարէն ետք, պատահմամբ իմանալով, որ վերջ գտած է պատերազմը եւ Թուրքիան՝ պարտուա՛ծ եւ հետեւաբար կանգ առած է նախճիրը հայութեան, մեծհայրս՝ Յովհաննէս Արմէնեան կ՛որոշէ իր ընտանիքը իջեցնել Տաւրոսեան լեռնագագաթներէն, ուր ապաստանած էին խուսափելու համար տեղահանութեան արհաւիրքէն: Պատմութիւնը երկար է եւ սրտաճմլիկ: Ձմեռնային իրիկունն է Պէյրութի մեր տան եւ մենք խմբուած ենք արոյրէ կրակարանին շուրջ, զոր հայրս դանդաղ կը խառնէ ածուխին թէժ շերտերը ի մի բերելով: Այս պատմութիւնը լսած ենք քանի մը անգամ տարիներու ընթացքին եւ ան միշտ կը պատմուի նոյն մանրամասնութեամբ:
Տեղահանութեան առաջին հրահանգները արհամարհող Սելեւկիոյ գաւառապետը ի վերջոյ կը համոզուի, որ իր շրջանի հայութեան տեղահանութիւնը անխուսափելի է եւ իր խոր մտահոգութիւնը կը փոխանցէ հայոց համայնքի երեւելիներուն: 1915 թուականն է: Համատարած խուճապի մթնոլորտին մէջ, մեծհայրս կ՛ունենայ յանդուգն գաղափարը իր ընտանիքով ապաստանելու լեռները: æորիներու քամակին, անօթեւան եւ հեւասպառ, լերան եւ անդունդին միջեւ գծուած նեղ ու ոլորապտոյտ կածանով կը մագլցին վեր, իրենց ետին թողնելով իրենց տունն ու խելագարած մարդկութիւնը: Տաւրոսեան Լեռներու անթափանց խաւարին մէջ, աշխարհի աչքերէն հեռու, ինքն իր ճակատագիրով ապրող յունաբնակ գիւղակ մը կայ, որուն դռներուն առջեւ գիշերանց կանգ կ՛առնէ թափառաշրջիկ հայերու այս հարստահարուած ընտանիքը եւ ապաստան կը խնդրէ: Խաչապաշտնե՞ր են: Այո՛, խաչապաշտներ են: Հոսկէ կը սկսի մեր ընտանիքի շարունակուող ոդիսականը:
Յաճախ մտածած եմ, թէ ու՞ր է հիմա այդ առասպելական բնակավայրը եւ որո՞նք են շառաւիղները այն բարի սամարացիներուն, որոնք իրենց դռները բացին հալածական այս մարդոց առջեւ լեռնաշխարհի գիշերային խաւարին ու լռութեան մէջ եւ ներս ընդունեցին զիրենք: Կ՛ուզեմ երեւակայել հարցուփորձը, որ տեղի կ՛ունենայ յոյն լեռնականներուն եւ Արեւելեան Միջերկրականի նաւահանգիստները չափչփած կիլիկեցի այս վաճառականին միջեւ, որ յանկարծ յայտնուած է իրենց այս մենավայրին մէջ: Իմ թափառումներուս ընթացքին, բազմիցս գտնուած եմ հեռաւոր գիւղերու գռիհներուն մէջ: Զգացած եմ, որ Միջին Արեւելքի մայրաքաղաքները խաբող են իրենց նորափայլ շէնքերով եւ արդիական ճանապարհներով: Երկրի ոգին եւ պատմութիւնը լուռ ու մունջ ծուարած են գիւղերու հնադարեան դռներուն ետին, որոնք իրենց ծղնիներուն
յենած՝ տքալով կը բացուին ներս առնելու համար իր թափառումներէն խոնջած անցորդը: Յաճախ մօտեցած եմ իրենց գեղջուկ տուներու սանդուխներուն վրայ նստած գիւղացի մարդոց, բարեւած եւ վայելած՝ իրենց սուրճն ու ասպնջականութիւնը: Սալամ ալէյքու՛մ: Եւ երբ ծայր առած է քաղցր եւ անսեթեւեթ խօսակցութիւնը բերքի եւ անձրեւի ու թոռներու ու ծոռներու մասին, ըսած եմ ինքզինքիս, թէ երեւի այսպիսի մարդիկ էին այն շինականները, որոնք իրենց դռները բացին մեծհօրս եւ իր ընտանիքին առջեւ հեռաւոր այդ գիշերուան մղձաւանջին մէջ եւ աշխարհը վերստին ընտանի դարձուցին կեանքէն օտարուած հայու այս բեկորներուն համար:
Կեանքը ժուժկալ է եւ խստապահանջ Տաւրոսեան Լեռներուն վրայ: Կ՛ապրիս վառելիքի եւ սննդապաշարի ամէնօրեայ հրամայականներով: Կ՛ամբարես ինչ, որ կը կարողանաս եւ ուրկէ, որ կը կարողանաս: Կ՛ամբարես, որ վերապրիս եւԿարենա՛ս կուրծք տալ ձմրան ահաւոր բուքին, որ անպայման պիտի գայ եւ մեկուսացնէ քեզ աշխարհի մնացեալ մասէն: Մարդկութիւնը վարն է, դաշտերուն եւ ծովուն միջեւ եւ կ՛ապրի իր չարաշուք բնազդներով: Տարին անգամ մը միայն թուրք իշխանութեան ժանտարմներէն մէկ քանին սիրտ կ՛ընեն ու կը հասնին այստեղերը, որպէսզի կարենան ըսել իրենց մեծերուն, որ հոս եղա՛ն…Կու գան, կ՛ուտեն, կը խմեն եւ օր ցերեկով կը բռնեն վերադարձի ճամբան, որ յաւիտենական էջք մըն է, որմով կ՛իջնես ալ չբարձրանալու վճռակամութեամբ:
Անդունդին բերանը, խաղավայր մը ունին այս գիւղին երեխաները: Այդ երեխաներուն մէջն է նաեւ հայրս, որ արդէն սկսեր է յունարէն փրթել: Բիւզանդական դարերէն մնացած լեռնական գաւառաբարբառի մը մէկ տարբերակն է երեւի, որմով այս մարդիկ խօսած են Սմբատ Սպարապետի շրջիկ զօրականներուն հետ: Գիւղին մէջտեղը կայ հնադարեան եկեղեցին ու ամրոցը, որուն պատերուն վրայ կը կարդացուին յունարէն եւ հայերէն արձանագրութիւններ: Մեծմայրս պատին վրայ ցոյց կու տայ «Աստուած»անունին սղագրութիւնը եւ կ՛ըսէ հօրս.
-Ասիկա ա՛յբ է, Գիրգոր:
Ու ճիշդ այդ պահուն է, որ երեխաներու երամը վազնիվազ կու գայ յայտնելու, որ «ասկէ՜ր կէլիյոր» : Կածանն ի վեր կը բարձրանայ զինուորներու ջոկատը: Վայրկեանաբար մեծհայրս եւ իր ընտանիքը պիտի ապաստանին գիւղին գաղտնարանները մինչեւ իշխանութեան ստուերը անհետանայ շրջակայքէն եւ իրենք մէկ տարի եւս ազատ «շունչ քաշեն»:
«Ղուլախլըն» տապակ մըն է, որ կոփուած է մեր երկրի պղնձահանքերուն ազնիւ մետաղէն: Ան ունի երկու «ական»ջ, որոնցմէ «երկու ձեռքով» կը բռնես եւ տապակը կ՛իջեցնես կրակին վրայէն: «Կամա՛ց», կ՛ըսէ մայրս իր առօրեայ գրաբարով: «Թութաճախո՛վ բռնէ. ձեռքերդ չայրե՛ս»: Մեծմայրս կեցած է անդին ակներեւօրէն անհանգիստ: «Թութաճախ»ը լաթէ կարուած եւ սիրուն նախշերով՝ երկու քառակուսի բռնիչներէ կը բաղկանայ, որոնք իրարու միացած են երկար կապով մը: Մեծ մայրս է, որ կը կարէ խոհանոցի այս մեծապէս հրամայական պիտոյքը երազային ժպիտը դէմքին եւ ինքն իրեն բառեր մրմնջելով, որոնք երեւի զինք կը տանին դէպի անցեալ: Ես կը գամ այդ պահը ու կը լռեմ: Իսկ ինք, երբ կը կարէ, կը կարէ չորս-հինգ զոյգ եւ կը բաժնէ Պէյրութի մեր թաղի դուռ-դրացի տանտիկիններուն: «Հայկուհի Մայրիկ, աս ի՜նչ հաստկեկ թութաճախներ են. ձեռքերդ դալա՛ր», կ՛ըսեն թաղի կանայք եւ նոր թութաճախը կը կախեն խոհանոցի պատէն: «Ղուլախլը»ն այն տապակն է, որ բերուած է Տաւրոսեան Լեռներու այդ առանձնավայրէն եւ որուն մէջ օր ու գիշեր, այդ մութ օրերուն, պատրաստուած է մեր տան կերակուրը եւ որմէ բուրած է կենդանական «արդար իւղը» եւ վերածուած՝ բուրումնաւէտ եղինձի: «Ղուլախլը»ն այն տապակն է, որ անցած է բարդ ճանապարհ: Տեսած է գաղթ ու անապահովութիւն: Կտրած է ծովեր ու ցամաքամասեր եւ այժմ կախուած է Մըքլէյնի մեր տան նստասենեակին պատէն, որպէս անգոյն ու անկեանք գեղօր:
– Մեր «ղուլախլը»ն ալ հիւրերու կարգը անցաւ…կը հեգնէ մայրս զարմանալով աշխարհի անցուդարձին եւ պահպանելով իր անզուգական սրամտութիւնը նոյնիսկ յառաջացած տարիքին:
– Հայրի՛կ, հարց կու տանք, ուրկէ՞ իմացաք, որ վերջ գտած էր պատերազմը:
– Հա՛, կ՛ըսէ, լաւ յիշեցուցիր: Ու կը սկսի պատմել:
Դանդաղ ու համեղ, իւրաքանչիւր նախադասութեան կշիռը անսխալ գեղագրութեամբ ընդհանուր պատումին մէջ տեղաւորելով եւ առա՛նց թոյլ տալու, որ մեր օրուան աճապարանքը խախտէ որեւէ մանրամասնութիւն:
Կէսօրուան դէմ է եւ պատանիներու իրենց խումբը «կը գզուըռտ»ջ հնադարեան եկեղեցւոյ բացատին վրայ: Յանկարծ կը յայտնուի սեւազգեստ այս ծերունի ձիաւորը եւ բոլորը մէկ տեղնուտեղը կը սառին…ծերունին կ՛իջնէ ձիէն, կը մօտենայ իրենց եւ քաղցր ժպիտով մը կ՛ըսէ հօրս.
– Օղլու՛մ, դուն հայու կը նմանիս, ի՞նչ է անունդ…
– Գիրգո՛ր…Կ՛ըլլայ գանգրահեր տղուն պատասխանը:
-Թող Սուրբ Լուսաւորիչը օրհնէ քեզ, տղա՛ս, կ՛ըսէ ծերունին. զիս ձեր տունը տար…
Հայրս սառած կը դիտէ այս տարօրինակ մարդը: Մինչեւ այդ օրը, իրենք խորշած էին օտարականներէ: Ինք բնազդաբար գիտէ, թէ իրենք տարբեր են գիւղին միւս ընտանիքերէն: Իրենք փախստականներն են. հալածուածները. օրէնքէն դուրս հռչակուածները: Դաժան ձեռք մըն է, որ շարունակաբար կու գայ իրենց ետեւէն: Ինչպէ՞ս յանկարծ ինք ինկաւ այս թակարդը: Մեծմայրս ըսեր էր իրեն, որ օտար մարդու հետ կարելի չէ խօսիլ…
Հայրս կը բացատրէ մեզի: Հարազատ դէմք մը ունէր այս տքացող ծերուկը: Կռթնած էր իր ձեռնափայտին եւ հակառակ իր կթոտ ծունկերուն՝ կը քալէր խրոխտ: Հիմա, որ ետ կը նայի, ձի չէր հեծածը, այլ՝ ջորի: Մեր գիտցած ծանրաքարշ ջորի՛ն: Եւ կը խօսէր հայերէն. մեր պապաներու՛ն հայերէնը՝ երբ անոնք կը խօսէին «այլազգ»ներու ներկայութեան…
Ծերունին կը դիւրացնէ երկնընտրանքի այս պահը.
-Մի վախնար, օղլու՛մ, կ՛ըսէ. ես Տէր Պապան եմ…
Աստուած Պապա, Կաղանդ Պապա, Տէր Պապա…կ՛ըսէ Մ. Իշխան «Տուներու Երգը» հատորին քերթուածներէն մէկուն մէջ: Արեւմտահայ տղուն միտքին մէջ, այս երեքը կը շփոթուին իրարու հետ: Հայրս կը վազէ իրենց խրճիթը.
-Հայրի՛կ, կ՛ըսէ գոչելով, Տէր Պապան եկած է…
Զինադադարի հռչակումէն անմիջապէս ետք, Տէր Զօրէն դէպի տուն դիմող առաջին մարդոցմէ մէկն է կիլիկեցի այս քահանան: Ըսի որ ջորի մը գտնեմ եւ շրջան մը դառնամ. տեսնեմ ի՞նչ մնացեր է գիւղ ու պուճախը…ըսեր է ան մեծհօրս, երբ խրճիթի սեմին փաթթուեր են իրարու ու լուռ լացեր: Տէր Հայր է վերջապէս, կ՛ըսէ հայրս. իր ծուխերը պիտի փնտռէ:
Ամէն ընտանիք Տէր Հօր մը ծուխն է մինչեւ այսօր: Դամասկոսի մէջ, մենք Տիգրան Գարակէօզէանի մեծհօր՝ Տէր Սարգիսին ծուխն էինք: Ան է, որ մկրտած է զիս: Պէյրութի մէջ, մենք սկիզբը Տէր Յարութիւնին ծուխն էինք. յետոյ եղանք Տէր Խաչիկին ծուխը, որմէ ետք մեզ ստանձնեց Տէր Խորէնը: Ընդամէնը՝ ծու՛խ: Ձմրան բուքին, Տէր Հայրը բարձրացած է իր տան կտուրը եւ համրած ծխնելոյզները: Նայած է, թէ ո՞ր տան ծուխն է, որ յանկարծ մարած է…փնտռած է այն ծուխը, որ չի բարձրանար եւ փորձած է ամոքել այդ դժբախտ տան ցաւն ու տառապանքը: Ինք ծխատէրն է եւ իրն է առաքելութիւնը իր ծուխերուն հսկելու:
Տնօրհնէքէն ետք, ոտքի կ՛ելլէ ծերունի քահանան իր ճամբան շարունակելու: Խրճիթին դրան առջեւ, ակնածանքով կեցած է մեծմայրս մանկահասակ հօրս եւ հօրեղբօրս հետ եւ կը սպասէ վերջին աջահամբոյրին: Շփոթահար վիճակի մէջ է մեծհայրս: Ոչ իսկ մէկ լումա՛ գրպանը՝ որպէսզի կարողանայ Տէր Հայրը առանց նուէրի չճամբել…յանկարծ յիշեց, կ՛ըսէ հայրս լեցուած աչքերով. պատին խոռոչէն դուրս բերաւ երկու փոքրիկ փաթեթ եւ իր ձեռքովը տեղաւորեց Տէր Հօր խուրջինը.
– Ղուսուրին մի՛ նայիր, Տէր Պապա. ա՛ս է ունեցածնիս. ճամբադ բարի՛:
Տէր Հօր ջորին դանդաղ յառաջացաւ եւ կորսուեցաւ հիւղերուն ետին իր խուրջինին մէջ տանելով մեծհօրս ծխախոտի վերջին պաշարը: Տէր Հօր մեկնումէն վայրկեաններ ետք, մեծհայրիկը յանկարծ կերպանափոխուեցաւ, կ՛ըսէ հայրս մեզի: Աշխոյժ ու անհամբեր դարձաւ: Հայկուհի՛, ըսաւ, հաւաքուինք տէ տուներնիս երթանք…Ամէն ինչ վերջացած է. ամէն ինչ իր տեղը պիտի գտնէ. թող Տէր Պապան իր ծուխերը փնտռէ, ես ալ իջնեմ տեսնեմ, թէ ո՞վ մնացեր է մեզմէ…
Իջա՛ն: Ամբողջ Կիլիկիան գրաւման տակ կը գտնուէր: Ֆրանսացիները՝ Ատանա՛. Իտալացիները, անգլիացիները՝ Մեռսի՛ն… կ՛ըսէ հայրս: Ազատուած էինք թուրքին հալածանքէն: Տուները սկսան նորոգուիլ. ողջ մնացողները վերադարձան Տէր Զօրէն. գիւղացիները նորէն սկսան իրենց հողագործական արտադրանքը Սելեւկիա իջեցնել: Թուրքերէն շատերը փախած էին քաղաքէն. ուրիշներ՝ «մու՛կ կտրած եւ իրենց ծակը քաշուած»: Սկսեր էինք շնչել: Սկսեր էինք փողոցը հայերէն խօսիլ…
Եւ սակայն երկար չտեւեց Կիլիկիոյ հայոց այս մեղրալուսինը: Կոտորակուած հայութեան տաժանագին ճիգը ինքն իր տունը վերակառուցելու եւ կեանքը իր բնական չափերուն վերադարձնելու՝ յանկարծ կանգ առաւ:
«Իրարու՛ ինկան…» կ՛ըսէ հայրս դեռ չյոգնած հիասթափութեամբ: Ինք փոքր տղայ մըն էր Կիլիկիոյ պարպումի օրերուն եւ անշուշտ իր այսօրուան տխրութիւնն ու հիասթափութիւնը կը բխին այն դառն յիշողութիւններէն, որոնցմով ներծծուած էին իրենց հոգիները, երբ խուճապահար փախուստ կու տային Կիլիկիայէն այդ ճգնաժամային օրերուն: Ֆրանսան, որ փրկարար ասպետն էր, յանկարծ կը դառնար դաժանօրէն անձնասէր եւ անզգայ: «Իրարու ինկող»ները Ֆրանսան եւ Անգլիան էին, որոնց տղայական մրցակցութենէն կ՛օգտուէր Քեմալ եւ առանց դոյզն ճիգի առանց գնդա՛կ մը իսկ արձակելու կը կորզէր Կիլիկիոյ ոսկեղէն հողատարածութիւնը: «Վրանին հոգի չկա՛ր» կ՛ըսէ Ղազարոս Տային նկարագրելով քեմալական բանակներու մուտքը Աղեքսանդրէտ: «Կը փլէին կոր», կ՛ըսէ ակնարկելով թուրք զինուորներուն: «Կռուող բանակ չէր», կ՛ըսէ ան. «Կիլիկիան իրենց ձեռքը տուի՛ն», կ՛աւելցնէ եւ լուռ պահ մը կը յաջորդէ իր խօսքին: Նստած ենք մեր տան տիւանին վրայ եւ գիշերային պահը կանգ կ՛առնէ նորէն: