Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպա-նութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են մայիսեան տօնակատարութիւններու կազմակերպման առնչութեամբ կատարուած աշխատանքները, նախանշուած են տակաւին լուծում պահանջող միջոցառումներու ուղիները: Նիստի աւարտին բանակի հրամանատարը կարեւոր նկատած է մայիսեան եռատօնին նուիրուած նախաձեռնութիւններու բարձր մակարդակով կազմակերպումը եւ անոնց վերաբերեալ շարք մը ցուցմունքներ տուած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.