
ԱԽԱԼՑԽԱ.- Ապրիլի 23ի երեկոյեան, «Զօրի Զօրեան» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնի ու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի աջակցութեամբ կայացաւ արդէն աւանդական դարձած ջահերով ու մոմերով երթը դէպի քաղաքի Մարդա թաղամասի վրայ տեղադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքար-յուշակոթողը:
Այս տարուան երթին մասնակցողներուն թիւը քանի մը հազար կը հաշուէր, շատ աւելի քան նախորդ տարիներուն: