
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 28 Ապրիլին ընդունած է Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) խումբ մը անդամներ՝ միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի գրասենեակի տնօրէն Ժասմին Բունիաթեանի գլխաւորութեամբ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ընկերային-տնտեսական զարգացման եւ հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման առնչուող շարք մը հարցեր։
Նախագահը կարեւոր նկատած է միութեան դերակատարութիւնը հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի՝ տարուած աշխատանքը որակելով որպէս հայրենասիրութեան բարձր դրսեւորում։