ՀԵՂԻՆԷ ՂԱՐԱԳՈՒԼԵԱՆ-ԱՐՍՏԱՆԵԱՆ
Ֆրանսայի Վար բաժանմունքի Քաւալեր-սիւր-Մեր ծովափնեայ քաղաքի պուրակը Ապրիլ 24ին անուանակոչուեցաւ ««Բոլորակէտ Հայաստան 1915-2015» (Rond-point Armenie 1915-2015):
Հանդիսաւոր արարողութեան բացի ֆրանսահայերէն մասնակցեցան Քաւալեր-սիւր-Մերի եւ Լաւանտուի քաղաքապետները, «Սեն Թրոպէի կոլֆի հայերու միութիւն» կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, հայ ժողովուրդի բազմաթիւ ֆրանսացի բարեկամներ:
Պուրակի անուանակոչումէն քանի մը ժամ առաջ Սեն Լորէնի եկեղեցւոյ մէջ կաթողիկէ եւ առաքելական եկեղեցիներու հայրեր Ռոպէր Փամպելէի եւ Արշէն Մովսէսեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու հոգեհանգիստի պատարագ, որ ուղեկցուած էր Մարսէյի Պոմոն շրջանի հայ առաքելական եկեղեցւոյ երգչախումբի կատարումներով:
Այնուհետեւ պուրակի անուանակոչութեան առթիւ տրուեցաւ հանդիսաւոր ճաշկերոյթ:
800 հայ բնակիչ ունեցող Քաւալեր-սիւր-Մերիի մէջ հայկական համայնքին ի պատիւ քաղաքի կեդրոնին մէջ՝ Միջերկրականի ափին, Եւրոմիութեան անդամ պետութիւններու դրօշներու կողքին, վերջին տարիներուն կը ծածանի նաեւ հայոց Եռագոյնը: