ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ «Գազպրոմ» ընկերութեան վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլըրի հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է Հայաստանին մատակարարուող կազին սակը զեղչելու վերաբերեալ։ «Եւրասիական տնտեսական միութիւն Հայաստանի մուտքով կազին գինը կը նուազի եւ կը դառնայ 165 տոլար՝ 1000 խորանարդ մեթրի համար: Նման սակի ճշդումը առիթ կու տայ նաեւ ներդրումներ կատարել կազամատակարարման համակարգի արդիականացման աշխատանքներուն մէ»ջ, յայտարարած է Միլլըրը՝ ամփոփելով Հայաստանի նախագահին հետ ունեցած հանդիպումին արդիւնքները։
Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ հայկական կողմին հետ ձեռք բերուած է համաձայնութիւն՝ մշակելու կազամատակարարման աշխատանքներու դրութիւն, որ ամբողջութեամբ պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ աշուն։
Ռուսիայէն Հայաստան ներածուող կազի սակագինը ներկայիս 189 տոլար է՝ 1000 խորանարդ մեթրի դիմաց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.