
ՓԱՐԻԶ.- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով (ՌԴ), Ճէյմզ Ուորլիքը (ԱՄՆ) եւ Փիեռ Անտրէ (Ֆրանսա) Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ առանձին հանդիպումներ ունենալէ ետք յայտարարութիւն մը հրապարակեցին:
«Մենք (համանախագահները) շեշտած ենք իւրաքանչիւր նախարարի, երկու երկիրներու նախագահներու երկխօսութեան աշխուժացման եւ այս տարուան ընթացքին՝ աւելի ուշ, նախագահներու հանդիպման կազմակերպման կարեւորութիւնը», նշուած է ԵԱՀԿի հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ այս յայտարարութեան՝ երկու նախարարները համաձայնած են կրկին հանդիպիլ՝ համանախագահներու մասնակցութեամբ, ձեւակերպելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման օրակարգը, ինչպէս նաեւ՝ ողջունած են համանախագահներու՝ տարածաշրջան կատարելիք յառաջիկայ այցելութիւնը:
Համանախագահները նաեւ արձանագրած են, որ Մայիս 3ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ:
«Հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման պարունակին մէջ մենք կը ճանչնանք Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի դերը՝ իր ապագան որոշելու հարցի կապակցութեամբ: Այնուամենայնիւ, մեր երեք երկիրներէն եւ ոչ մէկը, ինչպէս նաեւ՝ որեւէ այլ երկիր, չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղը՝ որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն: Համապատասխանաբար, մենք չենք ընդունիր այս ընտրութիւններու արդիւնքներու ազդեցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի իրաւական կարգավիճակին վրայ եւ կը շեշտենք, որ անոնք որեւէ կերպով չեն կանխորոշեր ԼՂի վերջնական կարգավիճակը կամ ընթացիկ բանակցութիւններու արդիւնքները, որոնց նպատակն է հասնիլ ԼՂ հակամարտութեան տեւական եւ խաղաղ կարգաւորման», գրուած է յայտարարութեան մէջ: