Սիրելի՛ Սալիպա ընտանիք, սգակիր ազգականներ ու պարագաներ, սիրելի ընկերներ,
ՀՅԴ Փասատինայի «Լեռնավայր» կոմիտէութեան համար մեծ կորուստ մըն էր ընկեր Յարութ Սալիպայի մահը: Ան մեր այն երէց ընկերներէն էր, որոնք տասնամեակներ շարունակ ծառայած են մեր կազմակերպութեան՝ ըլլալով անոր համեստ, բայց միաժամանակ աննկուն զինուորներն ու պաշտպան թիկնապահները:
Ընկեր Յարութ Սալիպան հասակ նետած է Պուրճ Համուտի Նոր Սիս թաղամասին մէջ: Յաճախած է տեղւոյն Լուսինեան վարժարանը, ուր ծանօթացած է իր ապագայ կողակիցին՝ Սիրվարդ Կիցինեանին, որ Նոր Սիսի կարկառուն ընտանիքի մը դուստրն էր: Յարութ ու Սիրվարդ ամուսնանալով՝ հիմը դրին հայութեամբ տոգորուող ու շնչող ընտանեկան բոյնի մը, որուն յարկին տակ թրծուեցան իրենց զաւակները՝ Յովիկը, Այտան ու Գօգօն…
Յարութ Սալիպա երիտասարդ հասակին մաս կազմած է ՀՅԴի շարքերուն, Լիբանանի մէջ: Կուսակցութեան իսկ թելադրանքով, ան մաս կազմած է լիբանանեան ոստիկանութեան, ու 1958ի դէպքերուն ընթացքին, իր պաշտօնին բերումով, կարեւոր աշխատանք տարած է յատուկ մարզերու մէջ:
Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ ետք, ընկեր Սալիպա եղած է Փասատինայի «Լեռնավայր» կոմիտէութեան անդամ: Ան կը յատկանշուէր իր ողջմտութեամբ, ինչպէս նաեւ ըսելիքը մարդու երեսին ըսելու անշեղ յատկութեամբ: Ժողովներու ընթացքին իր կարծիքները առանց տատամսումի յայտնող ընկեր մըն էր ան: Երբ ընկերոջ մը հետ տարակարծիք ըլլար, այդ մասին կ՛արտայայտուէր ճակատաբաց ու այդ ընկերոջ երեսին՝ բայց ոչ երբեք ետեւէն խօսելով:
Կանուխ տարիքէն իր հայրը կորսնցուցած ըլլալով, ընկեր Յարութ զգացած է հօր չգոյութեան հոգեբանական տագնապը ու անոր համար ալ բառին իսկական առումով հայր եղած է ոչ միայն իր զաւակներուն, այլ՝ բոլոր երիտասարդ շարքային ընկերներուն, որոնք անոր մէջ տեսած են գուրգուրացող հօր կերպարն ու զգացումները:
Ըլլալով իսկական հայր, ընկեր Յարութին վրայ մեծ ազդեցութիւն թողած է իր զաւակին՝ ընկեր Գօգոյին անժամանակ մահը: Մէկ կողմէ զգացած է հպարտութիւն՝ իր զաւակը ազգի բագինին առաջ նահատակ ըլլալուն համար, բայց միւս կողմէ լուռ ու մունջ տարած է անոր կորստեան ցաւը. ցաւ մը, որ շատ հաւանաբար շարունակած է իր հոգին տանջել տարիներ շարունակ…
Թերեւս այդ ցաւի քիչ մը մեղմացման հիմնական կռուաններէն մին հանդիսացաւ այն պարագան, որ ընկեր Յարութ եղաւ իր սերունդի այն երանելիներէն, որոնք առիթը ունեցան իրենց իսկ աչքով տեսնելու տասնամեակներ շարունակ իրենց տարած տքնաջան աշխատանքին արդիւնքը՝ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի վերաստեղծման իրողութիւնը: Արդարեւ, 1995էն ետք, ան չորս անգամ այցելեց մեր նորանկախ հայրենիքը, զմայլեցաւ ազատագրուած Արցախով ու իր սիրած եւ պաշտած միջավայրը ապրեցաւ՝ շրջապատուած Սասունցիներով, որոնց հետ երգեց իր ամենասիրած յեղափոխական երգերը՝ «Անտիոք Ծովասար»ն ու Գէորգ Չաւուշի նահատակման նուիրուած՝ «1907 թուականին»ը…
Հայրենիք այցելութիւնները վերանորոգեցին զինք: Պէտք էր տեսնել թէ ի՜նչ ուրախութեամբ կը խօսէր իր շրջապատին՝ ամէն անգամ որ վերադառնար հայրենիքէն…
Վերջին տարիներուն սակայն, ընկեր Յարութ այլեւս այդ աշխոյժ մարդը չէր: Կնոջ հիւանդութիւնը եւս ազդած էր վրան: Ան խիստ գուրգուրանք կը ցուցաբերէր իր տարիներու կողակիցին՝ սիրելի տիկին Սիրվարդին…
Սակայն երբեք սպասելի չէր իր մահը… ու բոլորս ալ վիշտով պատուեցանք, երբ լսեցինք, որ ընկեր Յարութ այլեւս մեզի հետ չէ:
Բայց ան՝ իր թողած յուշերով, մեզի հետ պիտի մնայ դեռ երկա՜ր ժամանակ: Այս մասին վստահ ենք մենք, իր կուսակցական ընկերները եւ բոլոր անոնք, որոնց կեանքին դպած է մեր սիրելի ընկերը:
Ընկեր Յարութ Սալիպայի մահուան այս տխուր առիթով, ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէի ու կոմիտութեան ընկերներուն անունով կու գանք մեր խոր ցաւակցութիւնները յայտնելու իր կնոջ՝ Սիրվարդին, զաւակներուն, հարսին ու փեսային՝ ընկերներ եւ ընկերուհիներ Յովիկ եւ Հիլտա Սալիպաներուն, Յովիկ եւ Այտա Տիմիճեաններուն, աներձագին՝ ընկեր Սարգիս Կիցինեանին, թոռնիկներուն ու բոլոր հարազատներուն:
Եւ մինչ, մեր սովորութեան համաձայն, «Վէրքերով լի, ջան ֆիտա» յեղափոխական երգով հողին կը յանձնենք մեր ընկերոջ մարմինը, կու գանք անոր շիրիմին առաջ խոստանալու, որ պիտի շարունակենք անոր դաշնակացական ուխտով տոգորուած աշխատանքը՝ մինչեւ հայութեան էական իտէալներու իրականացումը…
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի ընկեր Յարութ: Թող հոգիդ սաւառնի սիրած լեռնաշխարհիդ վրայ եւ յոյս ներշնչէ նոր սերունդներուն…
ՍԱՐԳԻՍ ԹԱԹԻԿԵԱՆ
ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէի հերթապահ