«Հիւմըն Ռայթց Ուա»չը մտահոգուած է, որ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամները կը հետապնդուին իրենց խաղաղ քաղաքական հայեացքներուն համար: «Անոնց նկատմամբ առաջադրուած մեղադրանքներով կը խախտուի միտքի եւ ազատ արտայայտուելու իրաւունքը, որ պաշտպանուած է քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրով, որուն միացած է նաեւ Հայաստանը», նշուած է նամակին մէջ։
«Հիւմըն Ռայթց Ուա»չը դիտել տուած է, որ կալանքը պէտք է դիտարկել որպէս խափանման վերջին միջոց, մինչդեռ ընդդիմադիր գործիչները անմիջապէս ձերբակալուած են, եւ անոնցմէ գրաւուած են նոյնիսկ դրօշակները։
«Հիմնադիր խորհրդարան»ի ներկայացուցիչ, փաստաբան Հայկ Գրիգորեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ կալանաւորուածներուն հետ հանդիպում ունենալու պահանջքը արդէն բաւարարուած է, մինչդեռ անոնց միւս իրաւունքները կը շարունակուին խախտուիլ։
«Յորդորում են մեր իրաւապահ մարմիններին, որպէսզի ազատ արձակեն կալանքից եւ քրէական գործի քննութիւնը շարունակեն՝ հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներում պարզելու համար իրողութիւնը: Բայց կալանքի տակ պահելու անհրաժեշտութիւն չկայ, եւ դա հիմնաւորում են Եւրոպական կոնվենցիաներով, որոնց Հայաստանը մասնակից է: Միւս խումբը վերաբերում է արդէն այն քաղաքական հալածանքներին, որոնք, ըստ էութեան, յանգեցրել են նրան, որ իշխանութիւնները չեն թոյլատրում «Հիմնադիր խորհրդարան»ի քաղաքական գործունէութեան իրականացումը», յայտնած է փաստաբանը:
«Հիւմըն Ռայթց Ուա»չը կոչ ուղղած է ազատ արձակելու ընդդիմադիրները եւ ազատ, անկողմնակալ ու արժանահաւատ հետաքննութիւն կատարելու: Կազմակերպութիւնը նաեւ կը յորդորէ քննել բանտին մէջ Գէորգ Սաֆարեանը բռնութեան ենթարկելու մասին տեղեկութիւնը:
Նամակին մէջ նշուած է, որ նախնական կալանքի մէջ գտնուող գործիչները պէտք է անմիջապէս առանձնացնել քրէական յանցագործներէն եւ տեղափոխել այլ խուցեր:
Դատախազութենէն հաստատած են, որ իրաւապաշտպան կազմակերպութեան կողմէ ուղարկուած նամակը ստացած են 30 Ապրիլին եւ անիկա տակաւին կ՛ուսումնասիրուի: Գլխաւոր դատախազի խորհրդական Քրիստինէ Մելքոնեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ Գէորգ Կոստանեան յանձնարարութիւն տուած է «Հիմնադիր խորհրդարան»ի կալանուած անդամներու գործով նախաքննութեան օրինականութիւնը ստուգելու:
«Գլխաւոր դատախազի յանձնարարութեամբ գործով հսկողութիւն իրականացնող դատախազը պահանջել է նախաքննական մարմնից քրէական գործի նիւթերը՝ ուսումնասիրելու նպատակով», նշած է Մելքոնեան:
Նշենք, որ «Հիւմըն Ռայթց Ուա»չը նամակի պատճէն մը ուղարկած է Հայաստանի արդարադատութեան նախարարին: Նախարարութենէն «Ազատութեան» յայտնած են, որ նման բան չեն ստացած։
Իրաւապաշտպան Ժաննա Ալեքսանեանի համաձայն՝ ամօթալի է, երբ Հայաստանի մէջ կատարուած իրաւախախտումներուն մասին կը բարձրաձայնեն միջազգային կազմակերպութիւնները, իսկ իշխանութիւնները կը լռեն:
«Պարտաւոր են հաշուի առնել, այս հեղինակաւոր կազմակերպութեան նամակը, որտեղ ամէն ինչ ամրագրուած է այնպէս, ինչպէս եղել է եւ կայ, ե՛ւ բռնութիւնը քրէակատարողական հիմնարկի ներսում, ե՛ւ որ նրանք քաղաքական հետապնդումների են ենթարկւում, ե՛ւ այդ, որ ապօրինի են (հետապնդում): Ճիշդ է՝ նրանք այդ բառով չեն անդրադարձել, բայց ցոյց են տուել ամբողջութեամբ, որ սա ապօրինի հետապնդում է», յայտնած է իրաւապաշտպանը:
«Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամները կը պնդեն, որ նոյնիսկ այդ նամակէն ետք իշխանութիւնները կը շարունակեն խոչընդոտել իրենց գործունէութիւնը: Փաստաբան Հայկ Գրիգորեանի համաձայն՝ իրենք կրկին դիմած են քաղաքապետարանին՝ Ազատութեան հրապարակին վրայ շուրջօրեայ հաւաքներ կայացնելու իրազեկման համար, սակայն քաղաքապետարանէն յայտնած են, որ հանրահաւաք կրնան կայացնել միայն Էրեբունի թանգարանի մերձակայ հրապարակին վրայ, քանի որ «Ազատութեան հրապարակում դեռ շարունակւում են Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած միջոցառումները»:
«Եթէ Յունիսին ալ մենք դիմենք, տեսականօրէն, ես վստահ եմ, որ էլի առաջարկուելու է Էրեբունի թանգարանը», նշած է փաստաբանը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.