Ըստ «Հապերլեր»ի՝ ան նշած է, որ խնդրոյ առարկայ վանքը կը պատկանի Քոզանի քաղաքապետարանին եւ աւելցուցած. «Ոչ ոքի տալիք տարածք չունինք»:
Ըստ անոր՝ Լօզանի պայմանագիրին մէջ նշուած է. ««Ոչ իսլամները պէտք է վեց ամսուան ընթացքին գային եւ իրենց ունեցուածքին տէր կանգնէին: Այդ օրէն ի վեր, այն բոլոր կալուածները, որոնք անտէր մնացած են, անցած են գանձարանին, իսկ այնտեղէն ալ՝ մեզի: Ընկերները թող իրենց անցեալին լաւ նային: Այդպէս գալով, վանք-մանք պահանջելով չըլլար։ Կը ներէք, բայց անոնց տալիք ոչ մէկ տարածք ունինք: Մենք ալ հոս կ՛ապրինք»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
The courts should decide if they have lands that belong to the catholicosate and not any politician who is benefitting from the expropriation of Armenian lands
Ի՞նչ կայ աւելի արդար քան բռնաբարուած իրաւունքի մը վերահաստատումը։
Արիւնարբու ցեղին պատկան թուրք քաղաքապետը, տակաւին չէ սթափած մեր նահատակներու արեան բուրմունքի գինովութենէն։ Պատմական ճշմարտութիւնը պատմական իր ծննդավայրին անբաժանելի մասնիկն է։
Մեծի տանն կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետին պահանջքը արդար պահանջք է։Համայն հայութիւնը պէտք է արձագանքէ եւ զօրաւիք հանդիսանայ այս պահանջքին։