ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Տեմօքրաթհապէր» կայքին վրայ Հրանդ Գասպարեան արձագանգ կը հանդիսանայ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի կապակցութեամբ Իզմիրի մէջ, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքի մը, որուն մասնակցած են նշեալ կուսակցութեան երեսփոխանական թեկնածու Էրթուղրուլ Քիւրքճիւ, «Ակօս» թերթէն Բագրատ Էսդուքեան, Եգէականի համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Զերին Քուրթօղլու, Իզմիրի Տնտեսական համալսարանի դասախօս Տեվրիմ Սեզեր։
Քիւրքճիւ ըսած է, որ դիմացինին տառապանքը հասկնալու համար պայման է «մենք զմեզ դիմացինին տեղ դնենք»։ «Մենք հիմա ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի մը նկատմամբ մեր պարտականութիւնը կատարել կը ջանանք։ Յստակ կերպով պէտք է արտասանենք «ցեղասպանութիւն» բառը։ Իշխող կուսակցութեան ղեկավարները յաճախ կը կրկնեն, որ այս խնդիրը պէտք է թողունք պատմաբաններուն։ Բայց այսպէս ըսելով չենք կրնար այս խնդիրը փոխանցել պատմաբաններուն, որոնք յաւերժօրէն պիտի չկարենան քով քովի գալ։ Այս նիւթի մասին արդէն բաւարար տեղեկութիւն ունինք ու առատ նախանիւթ ալ կայ մեր տրամադրութեան տակ։ Թալէաթ փաշայի իսկ կողմէ նշուած է, որ աւելի քան մէկ միլիոն հայեր կ՛ապրէին եւ հիմա այդ ժողովուրդը չկայ։ Ի՞նչ եղաւ այդ ժողովուրդին։ Ասոր անունը ցեղասպանութիւն է», աւելցուցած է ան։
Քիւրքճիւ նաեւ ըսած է, որ Ցեղասպանութիւնը թրքական քաղքենիութեան ձեւաւորման առաջնորդեց, որովհետեւ հսկայ հարստութիւն մը անցաւ թուրքերու ձեռքը ու այս պատճառով անոնք կը ժխտեն Ցեղասպանութիւնը։ «Բայց Թուրքիա ամէն օր առաւել եւս կը քշուի դէպի առանձնութիւն։ Թուրքիա միակ երկիրն է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը ժխտէ», եզրակացուցած է ան։
Իր կարգին, Բագրատ Էսդուքեան դիտել տուած է, որ հայերը Թուրքիոյ մէջ օտար նկատուեցան ու նոյնիսկ՝ վտանգաւոր մարդիկ։ «Երկու ամիս վերջ ընտրութիւն կայ, պիտի ջանանք կապել հարիւր տարի առաջ կտրած կապերը», ըսած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.