
ՖՐԵԶՆՕ.- Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Ֆրեզնոյի քաղաքապետութեան համագործակցութեամբ, այս տարի եւս Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանին առջեւ Ապրիլ 24ին տեղի ունեցած է ամերիկեան եւ հայկական դրօշակներ բարձրացնելու արարողութիւն, ոգեկոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը։
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով նաեւ 1.5 մղոննոց քայլարշաւ մը տեղի ունեցած է Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիէն մինչեւ քաղաքապետարան, մասնակցութեամբ հարիւրաւոր ցուցարարներու։
Քաղաքապետարանին առջեւ հաւաքուած ժողովուրդին բարի գալուստ մաղթած է Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին երկարամեայ անդամ Փօլ Ճամուշեան, շեշտելով «Երբեք չմոռնալ» կարգախօսին կարեւորութիւնը։
Ապա ան ներկայացուցած օրուան հանդիսավարը՝ Ֆրեզնօ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի ատենապետ Տեպի Փուչիկեանը, որ իր կարգին բեմ հրաւիրած է կղերականները՝ աղօթքով սկսելու ոգեկոչումը։
Հայաստանի դրօշակը բարձրացուցած են ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտները, իսկ ամերիկեանը՝ ամերիկեան վարժարանէ մը աշակերտներ։ Զոյգ քայլերգները կատարուած են Հայկօ Օհաննէսեանի կողմէ։
Ելոյթ ունեցած են՝ քոնկրեսական Ճիմ Քոսթա, Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Էշլի Սուէրինկըն, Ֆրեզնօ գաւառի վերահսկիչ Անտրէաս Պորկաս (ան Արցախի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի իբրեւ դէտ) եւ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյի անդամ Թամ Պերիհիլի շրջանային հարցերու վարիչ Մերի Էլիս Գալուստեան։
Օրուան գլխաւոր բանախօսը եղած է Հայ իրաւաբանական միութեան ատենապետ Արմէն Ք. Յովհաննէսեան, որ իր խօսքը սկսած է նշելով հայութեան կրած կորուստներուն քանակային արժէւորում տալու դժուարութիւնը ու շեշտելով հայութեան ապագայ ինքնութիւնը սեփական ուժերով կերտելու, որպէսզի «անիկա չկերտուի այն արարքով, որ մեզի կատարուեցաւ, այլ այն քայլերով, որ պիտի առնենք այսօրուընէ սկսեալ»։
Ձեռնարկին փունջ մը երգերով մասնակցեցան նաեւ Չարլի Քէյեան համագաղութային հայկական վարժարանի աշակերտները։