
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պատմական Խարբերդ քաղաքին (ներկայ Թուրքիոյ Էլազըղ քաղաք) մէջ գտնուող կիսաւեր հայկական աւետարանական եկեղեցին, որ այժմ կ՛օգտագործուի որպէս ինքնաշարժներու կանգառ, մօտ օրէն ամբողջութեամբ պիտի քանդուի եւ տեղը պանդոկ պիտի կառուցուի:
Կանգառի սեփականատէր Ճոշքուն Տուրան արդէն իսկ կրցած է պանդոկ կառուցելու արտօնութիւն ստանալ թրքական իշխանութիւններէն:
Հայկական այդ եկեղեցին 1973ին ասորական եկեղեցւոյ անուան տակ արձանագրուած էր Տիգրանակերտի մշակոյթի եւ ժառանգութեան պահպանութեան ցուցակին մէջ:
19րդ դարավերջին կառուցուած եկեղեցին հանրապետական Թուրքիոյ ժամանակաշրջանին օգտագործուած է որպէս ալիւրի գործարան: Որոշ ժամանակ եկեղեցւոյ տարածքին վրայ կազմակերպուած են շաբաթական տօնավաճառներ, ինչպէս նաեւ օգտագործուած է որպէս ոչխարներու ախոռ:
2007ին կատարուած պաշտօնական յայտարարութեան մը համաձայն՝ եկեղեցին պիտի վերածուէր հիւանդանոցի՝ առանց ճարտարապետական տեսքի աղաւաղման:
Քաղաքին կեդրոնը գտնուելուն պատճառով, եկեղեցին դարձած էր ամէնէն շատ պահանջուած կալուածներէն մէկը:
Միւս կողմէ, Սասուն գաւառին մէջ գտնուող Գոմքի հայկական եկեղեցիի վերականգնման ուղղութեամբ աշխատանքներ սկսած են, յայտարարած է Սասունի հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը: Ան նշած է, որ եկեղեցիին վերականգնումը պիտի նպասէ գաւառին մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման:
Թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքին համաձայն՝ Տաղճը աւելցուցած է. «Այժմ Գոմքի եկեղեցիի վերականգնման ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին: Եթէ եկեղեցին վերականգնի, Ամերիկայէն, Եւրոպայէն հազարաւոր մարդիկ պիտի գան: Եթէ այսպէս շարունակենք, Փարիզին ալ կը գերազանցենք: Շահողները սասունցիները պիտի ըլլան»:
The photo accompanying this article is of the Monastery of Khulavank near the village
of Khulakyugh (Sahinkaya) east of Elazig.