ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող Վիգէն Սարգսեան 4 Մայիսին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է այն մեկենասներուն, որոնց աջակցութեամբ կարելի եղած է իրականացնել եւ դեռ յառաջիկային պիտի իրականացուին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկները։
«Բոլոր միջոցառումներն իրականացուել են մասնաւոր նուիրատուների հաշուին, այսինքն՝ դրանց վրայ չեն ծախսուել պետական բիւջէի միջոցներ, եւ բոլոր ծրագրերն ունեն իրենց հետեւում կանգնած յարգանքի եւ երախտագիտութեան արժանի անձինք, ովքեր մէկ զանգով, մէկ կոչով ու մէկ միջնորդութեամբ արձագանգել են պետական յանձնաժողովի կոչին, եւ իւրաքանչիւրը ստանձնել է մի ուղղութիւն՝ սկսած գրահրատարակչութիւնից, որն ամբողջութեամբ մէկ հովանաւորի ջանքերով է իրականացւում, մինչեւ ֆիլմարտադրութիւն, որը նոյնպէս մէկ հովանաւորի ջանքերով կ՛իրականացուի», յայտնած է ան։
Վիգէն Սարգսեանի համաձայն՝ «Սիսթըմ աֆ է Տաուն»ի համերգէն սկսեալ մինչեւ սրբադասման արարողութիւն իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան ետին կանգնած է շատ արժանի հայորդի մը: «Ում մեկենասութիւնը նման ծրագրերի շարժիչ ուժն էր», յայտնած է ան եւ նշած, թէ չ՛ուզեր ոեւէ մէկուն անունը տալ եւ առանձնացնել:
Բայց եւ այնպէս լրագրողները պնդած են, որ նշուին գոնէ ժապաւէնի արտադրութեան եւ գրահրատարակչութեան ոլորտներուն մէջ մեկենաս անձերուն անունները:
«Մի փոքր խախտւում է հաւասարութեան սկզբունքը, քանի որ պէտք է ասել միւս հովանաւորներին, բայց քանի որ հարցը յստակ է, ապա նշեմ, որ կինոարտադրութեան ամբողջ փաթեթը ստանձնել է պարոն Սամուէլ Ալեքսանեանը: Գրահրատարակչութեան ոլորտում այս պահին դեռեւս բանակցութիւնները շարունակւում են, եւ դրա համար անունը չեմ հրապարակի, բայց եւս մեծ ընկերութիւն է, որը Հայաստանում զբաղւում է հանքարդիւնաբերութեամբ», յայտնած է ան։
«Ասպարէզ» տեղեկագրած էր արդէն, որ Ծիծեռնակաբերդի շուրջ իրականացած հարիւրամեակի ձեռնարկներու հովանաւորն էր Լոս Անճելըսի բնակիչ, ազգային բարերար Վահէ Կարապետեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.