Ատրպէյճանի Գեանջայի դատարանին մէջ շարունակուած է սահմանը հատած Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացի Արսէն Բաղդասարեանի գործով դատավարութիւնը։ Այս մասին կը յայտնէ ANS-ը:
Կը հաղորդուի, որ դատախազը հայ զինուորին համար պահանջած է 18 տարուան բանտարկութիւն:
Յիշեցնենք, որ Արսէն Բաղդասարեան ատրպէյճանական կողմը յայտնուած է 26 Դեկտեմբեր 2014ին։ Ատրպէյճան զայն կը մեղադրէ ներթափանցման գործողութեան մաս կազմելու յանցանքով։