ՊԱՂՏԱՏ, «Էյ.Փի.».- Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին նշեց, որ իր երկիրը կը մերժէ ամերիկեան բանաձեւերն ու ծրագիրները, որոնք կը տկարացնեն Իրաքի միասնականութիւնը եւ կը շրջանցեն անոր ազգային գերիշխանութիւնը:
Ապատի ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է պահպանել Իրաքի հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց անոր ներքին հարցերուն չմիջամտելու կարեւորութիւնը:
Պայտըն, իր կարգին յայտնեց, որ Իրաքի մէջ գոյութիւն ունեցող զինեալ ուժերը պէտք է ենթակայ ըլլան կեդրոնական իշխանութեանց վերահսկողութեան՝ նշելով, որ իր երկիրը յանձնառու կը մնայ Իրաքի միութիւնը պաշտպանելու համաձայնութեան:
Նշենք, որ Իրաքի խորհրդարանը յայտարարած էր, որ կը մերժէ քիւրտերուն եւ սիւննիներուն հետ Իրաքի կեդրոնական իշխանութենէն անջատ գործակցելու ամերիկեան Քոնկրեսին մէջ քննարկուող բանաձեւը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.