ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններու երկու քաղաքապետներ մերժած են իրենց քաղաքները այցելած նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը դիմաւորել:
Ըստ թրքական «Հապեր 7» կայքին՝ Թուրքիոյ նախագահը իշխող կուսակցութեան ի նպաստ հանրահաւաքներուն մասնակցելու համար այցելած է Տիգրանակերտ եւ Պաթման:
Քիւրտ քաղաքապետները յայտարարած են, որ Էրտողանի կողմէ վերջերս կատարուած հակաքրտական յայտարարութիւններուն պատճառով, որոշած են պաշտօնապէս չդիմաւորել զայն:
Ըստ կայքին՝ Թուրքիոյ նախագահը խիստ զայրացած է քիւրտ քաղաքապետներուն այս անտեսումէն: Էրտողան յայտարարած է, թէ քիւրտ քաղաքապետները զինք չդիմաւորելու հրահանգը ստացած են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութենէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.