ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, Մայիս 17ին, կ.ե. ժամը 1ին, յաւարտ Ս. պատարագի, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214), տեղի պիտի ունենայ Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած հերթական դասախօսական ձեռնարկը՝ «Արդեօք առանձի՞ն ենք տիեզերքի մէջ» նիւթով:
Օրուան դասախօսն է դոկտ. Գնէլ Դուրեան:
Դարերու խորքէն եկած հարցում մըն է սոյն դասախօսութեան նիւթը, որ միշտ հետաքրքրած է մարդկութիւնը: Արդեօք կեանք գոյութիւն ունի՞ այլ մոլորակներու վրայ: Եթէ այո, ո՞ւր: Դոկտ. Դուրեան նախ պիտի խօսի մոլորակի մը վրայ կեանքի յառաջացման անհրաժեշտ պայմաններուն մասին: 40 տարիներէ աւելի է, որ հետազօտողները կը փորձեն ընկալել հաւանական նշաններ տիեզերքէն, որոնք պիտի գային փաստելու զարգացած էակներու առկայութիւնը մեր մոլորակէն դուրս: Դոկտ. Դուրեան պիտի ներկայացնէ կեանքի առկայութեան հիմնական եւ անհրաժեշտ պայմանները, որոնք գոյութիւն ունին մեր մոլորակին վրայ, ապա պիտի անդրադառնայ այն տարրական եւ անհրաժեշտ պայմաններուն, որոնք կարող են ապահովել կեանքի գոյութիւնը այլ մոլորակներու վրայ:
Դասախօսը պիտի խօսի նաեւ տիեզերքի մէջ նկատուած կարգ մը տարօրինակ եղելութիւններու եւ երեւոյթներու մասին, ինչպէս՝ «թռչող սկաւառակները»ը: Արդեօք անոնք այլ մոլորակային այցելութիւննե՞ր են դէպի մեր երկիրը՝ ղեկավարուած խելացի եւ գերզարգացած էակներու կողմէ:
Դոկտ. Գնէլ Դուրեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Վկայուած է AUB համալսարանէն որպէս երկրաչափ: Ան ստացած է դոկտորական աստիճանը տիեզերագնացութեան գիտութեան մէջ, «Princeton» համալսարանէն: Ան ղեկավարած է Aerophysics-ի ու փոփոխական ուժանիւթի բաժինները Ալպըքըրքիի «Sandia» ազգային տարրալուծարանին մէջ՝ Նիւ Մեքսիքօ: 1978ին մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարարութեան արեգակնային ուժանիւթի ուսումնասիրութեան մասնաճիւղին գործունէութեան, որպէս փոխտնօրէն: 1981-1991, աշխատած եւ օգնած է քամիի եւ արեւու ուժանիւթերու կիրառման տարածման: Նոյն ժամանակաշրջանին, ծառայած է հիւլէական ուժանիւթի, բնագիտութեան եւ տիեզերագնացութեան բաժանմունքներէն ներս՝ որպէս փոխտնօրէն, նախ Նիւ Մեքսիքոյի համալսարանին մէջ, ապա Քոլորատոյի Հանքագիտութեան համալսարանին մէջ: 2006ի Յուլիսին, դոկտ. Դուրեան հանգստեան կոչուած է այս վերջին համալսարանին վերաօգտագործելի ուժանիւթերու տարրալուծարանէն, ուր կ՛աշխատէր որպէս գլխաւոր վերլուծող: Ան ղեկավարած է նաեւ նախկին Խորհրդային Միութեան վտանգաւոր ուժանիւթերու տարածման կասեցման աշխատանքները, նպատակ ունենալով զանոնք զարգացնել ոչ ռազմական նպատակներով:
2003էն մինչեւ Յունիս 2011, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, դոկտ. Դուրեան աշխատած է որպէս ուսումնասիրութեան եւ զարգմանցան մարզի փոխտնօրէն եւ երկրաչափութեան բաժանմունքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն: Այժմ, այցելու դասախօս է վերոյիշեալ հաստատութեան մէջ, եւ Ռազմավարական ծրագրաւորման յանձնախումբի անդամ:
1981ին, դոկտ. Դուրեան պարգեւատրուած է Ամերիկեան օդաչուներու եւ աստղանաւորդներու հիմնարկին կողմէ՝ «Energy Systems» պարգեւով: 1986ին արժանացած է արտակարգ ծառայութիւններու գնահատագիրին՝ Խորհրդային Հայսատանի բարձրագոյն կրթութեան նախարարութենէն: Ան հեղինակ է 90 գիտական ուսումնասիրութիւններու եւ 3 գիրքերու: Այժմ կ՛ապրի Քոլորատօ, իր կնոջ հետ:
Այս դասախօսութիւնը կը հովանաւորեն տէր եւ տիկ. Յարութ եւ Վիգի Օտապաշեանները: Շնորհակալութիւն իրենց:
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալներն ու ամբողջ ժողովուրդը, մասնակցելու պատարագին, ապա ներկայ գտնուելու Դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած այս գեղեցիկ եւ հետաքրքիր դասախօսութեան, որուն մուտքը ազատ է:
Այն բոլոր ազգայինները, որոնք կը փափաքին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ կամ քաջալերել մեր հերթական դասախօսութիւնները ու հովանաւորել մեր յառաջիկայ ձեռնարկները, թող բարի ըլլան կապ պահել մեզի հետ՝ cvarmenianchurch@gmail.com
հասցէով։
(Թղթակցութիւնը՝ եկեղեցիէն)