ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Թարաֆ» թերթին մէջ Էնվեր Սեզկին կը գրէ Սասնոյ վերջին հայերէն՝ Իսա Տեմիրճիի եւ Սասնոյ պատմական վայրերուն մէջ մնացած վերջին հայերուն մասին: Տեմիրճի երեք տարեկան էր 1915ին: Այդ օրերուն քիւրտ Պեքիրհանի ցեղախումբը պահեց Տեմիրճի ընտանիքի անդամները եւ զանոնք փրկեց:
Հայրը՝ Գէորգ Տեմիրճի, տեղահանութենէն ետք կը վերադառնայ իրենց Հերենտ գիւղը: Վեց զաւակներ կ՛ունենայ, մէկը Հայաստան կը գաղթէ, երկու աղջիկները երիտասարդ հասակին կը մահանան: Գէորգի մահէն ետք, ընտանիքին հոգը կը ստանձնէ Իսա Տեմիրճին: Սիրուած անձ մը կը դառնայ ան, բայց 1980ի պետական հարուածին հետ դարձեալ կու գան գէշ օրեր: Ընտանիքը կը ստիպուի գաղթելու, բայց Իսա Տեմիրճի հոն կը մնայ մինչեւ իր մահը: Գիւղի եկեղեցիին քով մզկիթ մըն ալ կառուցել կու տայ ան: Իր երկու աղջիկները Պեշիրհան ցեղախումբէն տղոց հետ ամուսնացնելով, այդ ցեղախումբին ունեցած իր պարտքը կը վճարէ: Դագաղին վրայ կը գրեն. «Սասնոյ վերջին հայը»: Բայց իսկապէս վերջի՞ն հայն էր ան:
Իր յօդուածին մէջ Սեզկին այնուհետեւ կը պատմէ դէպի այդ վայրերը իր այցելութիւնը: Ան կը նշէ, թէ այս վայրերը իրենց պատմական հարստութեամբ դրախտային գեղեցկութիւն ունին: Ատենօք հոս միասին կ՛ապրէին հայեր, արաբներ ու քիւրտեր: Ան իր դիմացը յայտնուողին կը հարցնէ՝ հոս հայեր կա՞ն: Միշտ նոյն պատասխանը կը ստանայ՝ ո՛չ: Յետոյ գիւղապետը կը խոստանայ անոնց ընկերանալ ու միասին կը բարձրանան դէպի Մարաթուկ լեռը: Ճամբաները ահաւոր կերպով վատ են. միջոց մը ետք կը ստիպուին կառքերէն իջնելու եւ հետիոտն երթալու: Ի վերջոյ կը հասնին 50 բնակիչ ունեցոց գիւղ մը: Գիւղապետը կ՛ըսէ. «Ահաւասիկ անոնք»: Այսինքն՝ հայերը:
Մէկը՝ Արիֆ Գափլանն է, որ այժմ Պոլիս կ՛ապրի: Ճեմիլ Գափլան 38 տարեկան է ու բնաւ չէ հեռացած իր գիւղէն, սակայն չէ ամուսնացած: Երբ պատճառը կը հարցուի, ան կը պատասխանէ, թէ գիւղին մէջ հայ աղջիկ չկայ, որպէսզի անոր հետ ամուսնանայ: Քանի մը իսլամ ընտանիքէ աղջիկ ուզած է, բայց անոնք պահանջած են, որ նախ կրօնքը փոխէ եւ իսլամանայ:
Հաճելի զրոյց մը կը սկսի, բայց երբ խօսքը կու հասնի ջարդին, անոնց բերանը չի բացուիր. կը վախնան խօսելու: Ճեմիլ Գափլան կ՛աւելցնէ սակայն, որ իր հօրը ու մերձաւորներուն գերեզմանները հոն կը գտուին, ու ինք հոն ծնած է եւ հոն ալ պիտի մեռնի: Յօդուածագիրը ինքն իրեն կը հարցնէ, թէ արդեօք ան պիտի կարենա՞յ յարգել իր խօսքը: Յայտնի չէ: Միայն յայտնի է, որ այդ տեղերուն մէջ հայերը այլեւս բոլորովին ոչնչանալու վրայ են:
Վերադարձին, յօդուածագիրի ականջներուն մէջ միշտ կը հնչէ գիւղապետին խօսքը. «Այս հողերը տժգունելու սկսան: Մե՜ղք, շա՜տ մեղք»: