ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Պրաթիսլաւիոյ մէջ մասնակցած է Արեւելեան գործընկերութեան եւ «Վիշեգրադեան քառեակ»ի (Լեհաստան, Չեխիա, Սլովաքիա, Հունգարիա) արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հանդիպման, որուն ներկայ եղած են նաեւ Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինի, Եւրոպական յանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհանէս Հանը, ԵՄի մէջ նախագահող Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Էտկարս Ռինքեւիչ, Շուէտի եւ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Մարկոտ Վալսթրեոմ եւ Կժեկոժ Սխեթինա:
Հանդիպումը սկսած է Սլովաքիոյ վարչապետ Ռոպըրթ Ֆիցոյի խօսքով, որուն մէջ ան կարեւոր նկատած է նման հանդիպումներու կայացումը՝ Ռիկայի գագաթաժողովի նախօրեակին իբրեւ միտքեր փոխանակելու արդիւնաւէտ հարթակ:
Ելոյթ ունեցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը, որ իր խօսքին մէջ յայտնած է. «Ես կը ցանկանայի անդրադառնալ ԵՄ հետ մեր ապագայ պայմանագրային յարաբերութիւնների մշակման գործում առաջընթացին: Նախորդ տարուայ Նոյեմբերից ի վեր մենք՝ մեր ԵՄ գործընկերների հետ, աշխատում էինք նոր իրաւական հիմքի շրջանակը ձեւաւորելու ուղղութեամբ: Այն կ՛արտացոլի ԵՄ հետ մեր նախկին բանակցութիւնների բովանդակութիւնը՝ նկատի ունենալով մեր պարտաւորութիւններն այլ միջազգային ինտեգրացիոն ձեւաչափերում: Մարտի կէսերին Հայաստանի եւ ԵՄ բանակցային թիմերը աւարտեցին ապագայ իրաւական հենքի շրջանակի շուրջ խորհրդակցութիւնները, եւ ակնկալում ենք, որ ԵՄ անդամ պետութիւնները կը հաստատեն եւրոպական բանակցային թիմի մանդատը, ինչը հնարաւորութիւն կ՛ընձեռի սկսել բանակցութիւնները:
ԵՄ- Հայաստան ինստիտուցիոնալ ձեւաչափերի հանդիպումներին զուգահեռ՝ Հայաստանը շարունակում է իր ակտիւ մասնակցութիւնը Արեւելեան գործընկերութեան բազմակողմ հարթակներում եւ աւելի քան տասնեակ աշխատանքային խմբերում: Մենք սա դիտարկում ենք որպէս կարեւոր եւ օգտակար հարթակ՝ կիսելու լաւագոյն փորձը եւ նպաստելու լայն համագործակցութեանը:
Արեւելեան գործընկերութեան հետ կապուած նոր մարտահրաւէրները պահանջում են նոր համագործակցային մօտեցումներ:
Հայաստանը քաջ գիտակցում է տարբեր ձեւաչափերում ընդգրկուն համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Մենք սատարում ենք այն տեսակէտը, որ հնարաւոր է լաւագոյնս օգտագործել տարբեր ինտեգրացիոն շրջանակները առաւել հեռատեսական մօտեցման միջոցով՝ հիմնուած հնարաւորութիւնների եւ ոչ թէ անհամատեղելիութիւնների վրայ: Մեր նպատակն է՝ յենուելով նախորդ տարիներին արձանագրուած արդիւնքների վրայ՝ շարունակելու ուղին դէպի խորը եւ համապարփակ համագործակցութիւն ԵՄ հետ»: