ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտի, որ երկօրեայ այցելութեամբ կը գտնուէր Սուրիա, Մայիս 14ին յայտարարեց. «Սուրիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին մեր աջակցութիւնը հաստատ ու մնայուն է։ Վստահ ենք, որ սուրիացի ժողովուրդը կարողութիւնը ունի թշնամին պարտութեան մատնելու՝ շնորհիւ իր ողջմտութեան ու բանակի տոկունութեան»:
Ան Դամասկոսի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին աւելցուց. «Սէուտական Արաբիան յարձակումի եւ ոճիրի առանցքի վերածուեցաւ, եւ շրջանի կարգ մը երկիրներ վերածուեցան Ամերիկայի եւ սիոնական գոյացութեան քաղաքականութեան գործիքի»: Ան Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորին ակնարկելով՝ ըսաւ. «Մեքքայի եւ Մատինայի ծառան պէտք է կոչել Մեքքայի եւ Մատինայի դաւաճանը»:
Պորուժերտի նաեւ հաղորդեց, որ մարդասիրական օժանդակութիւններով բեռցուած իրանեան նաւը կ՛ուղղուի Եմէնի Հըտէյտա նաւահանգիստը:
Նշենք, որ Պորուժերտի Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:
Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ իրանեան հինգ մարտանաւեր կրակ բացած են սինկափուրեան նաւու մը ուղղութեամբ: Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եզերապահ մարտանաւերը դէպքին միջամտած են եւ սինկափուրեան նաւը հասած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ճապալ նաւահանգիստը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.