ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մարտ 17ին, Հայաստանի «Օքսֆեմ» կազմակերպութիւնը, Հայկական շիկափայտի ծրագիրն (Armenian Redwood Project, ARP) ու Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան գործադիր մարմինը (SARF) յայտարարաեցին, թէ պիտի համագործակցին, որպէսզի կարելի ըլլայ կրկնապատկել ՄԱԿի գաղթական սպասարկութեանց կողմէ տրամադրուող օժանդակութիւնները, որոնք կը տրամադրուին Հայաստան հասած սուրիահայերուն, յատկապէս բնակարաններու ապահովման մարզին մէջ։
12 ամսուան համաձայնութեան շնորհիւ, կարելի պիտի ըլլայ բնակարաններու վարձքի ծախսերուն համար փոխանցումներ կատարել դէպի Հայաստան, մինչ բնակարանային աւելի մնայուն լուծումներ գտնելու ջանքերը կը շարունակուին։
Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան գործադիր մարմինի ատենապետ Ճան Թիթիզեան կը յայտնէ, թէ միջազգային կազմակերպութեանց հետ նման համագործակցութիւններ կարելի պիտի դարձնեն հասնիլ աւելի մեծ թիւով սուրիահայերու օժանդակութեան։
Այս նախաձեռնութեան շնորհիւ, աւելի քան 800 ընտանիքներ նպաստներ պիտի ստանան, մինչ սուրիահայ ընտանիքներ շաբաթական դրութեամբ կը շարունակեն Հայաստան ժամանել։
«Օքսֆեմ» կազմակերպութեան Հայաստանի ծրագիրներու պատասխանատու Մարկարիթա Յակոբեան կը դրուատէ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ այս գործակցութիւնը, վստահեցնելով, որ նման աջակցութիւններ պիտի նպաստեն Հայաստանի մէջ իրենց նոր կեանքին ընտելանալու սուրիահայ ընտանիքներու ջանքերուն։
Իր կարգին, Հայկական շիկափայտի ծրագիրի գլխաւոր գործավար Ռաֆֆի Արտալճեան յոյս կը յայտնէ, որ սուրիահայ ընտանիքներուն բնակութեան ծախսերը հոգալու այս նախաձեռնութիւնը, որուն համար հարկաւոր է սփիւռքահայութեան եւ միջազգային կազմակերպութեանց նուիրատուութինները, կ՛ընդարձակուի, հասնելու համար այլ կարիքներու գոհացման։
Նախաձեռնութիւն պիտի իրականացուի «Առաքելութիւն Հայաստան» ոչ-շահութաբեր կազմակերպութեան կողմէ, որ 2014էն ի վեր արդէն իսկ ՄԱԿի հետ կը գործակցի նոյնանման ծրագիրի մը իրականացման համար։