
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ


Կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Ֆրեզնոյի կրօնական յանձնախումբին, Ուրբաթ, Ապրիլ 24ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ կրօնական արարողութիւն, որուն անմիջապէս յաջորդեց յատուկ յայտագիրը:
Կրօնական արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին շրջանիս բողոքական եւ լուսաւորչական երկու թեմերու հոգեւորական դասը, սաղմոսներու, աւետարաններու ընթերցուներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ սկսաւ Տէրունական աղօթքով։ Իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին պատուելի Կրէկ Յարութիւնեան՝ անգլերէնով, իսկ հայերէնով՝ Եղիա քհնյ. Հայրապետեան:
Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ դպրաց դասը, մասնակցութեամբ միւս եկեղեցիներու դպրաց դասերուն, մեկնաբանեցին շարականներն ու աղօթքները, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետուհի Ռոզա Փաշայեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Պեն Գրիգորեանի:
100ամեակի առիթով, Էջմիածինի տաճարին մէջ, 1915ի նահատակներու սրբադասումէն ետք, Եպիսկոպոսաց ժողովը, Ապրիլ 24ը հռչակեց Նահատակներու օր։ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ շարակնոցին մէջ իւրաքանչիւր տօն ունի իր կանոնը։ Կանոն բառը օրէնք կը նշանակէ, կը նշանակէ նաեւ ծէս եւ սահմանուած շարականներ եւ աղօթքներ, այս կամ այն տօնին համար: Ապրիլ 24ի Նահատակներուն կանոնը իր կենդանութեան պատրաստած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տաղանդաւոր հոգեւորականներէն Զարեհ սրբազան Ազնաւորեան։ Ան կը հաւատար, որ օր մը մեր նահատակները պիտի սրբանան եւ իր երազը իրականացաւ իր մահէն 11 տարի ետք։
Հանդիսութեան երկրորդ բաժինի հանդիսավարութիւնը վարեց Մաթէոս Արի Ժենտեան։ Գլխաւոր բանախօսն էր իրաւաբան Պրուս Ճանճիկեան։ Իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄի սկաուտները՝ դրօշակի արարողութեամբ, Համագաղութային դպրոցի աշակերտները՝ քայլերգները մեկնաբանելով, Մազմանեան ընտանիքը՝ ջութակներու եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ, հայկական պարերով եւ երգերով ջերմացուցին մթնոլորտը ։
Ներկաները միաբերան երգեցին «Երեւան-Էրեբունի» երգը:
Հանդիսութեան փակման խօսքը կատարեց Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Եսայի քհնյ. Պօղոսը, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ յայտագիրին մասնակցողներուն ու ապա ներկաներէն խնդրեց բակ ելլել, վայելելու Տիկնանց միութեան հիւրասիրութիւնը: