ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ս. Էջմիածինի եւ Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի բարերար Անդրանիկ Զօրայեանի պաշտօնավարութիւնը, որպէս Թեմական խորհուրդի անդամ, իր աւարտին հասաւ Մայիս 1ի Թեմական պատգամաւորական 88րդ ժողովէն ետք: Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի կողմէ, Մայիս 1ի երեկոյեան, առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ճաշկերոյթի մը ընթացքին մասնաւոր պատուի արժանացան տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Վըրճինիա Զօրայեանները, Հայց. եկեղեցւոյ մատուցած իրենց երկարամեայ ծառայութեանց համար:
Զօրայեան Թուրքիայէն արտագաղթած եւ բնակութիւն հաստատած է Քալիֆորնիա, ուր Պոլսահայ միութեան միջոցաւ իր ազգային ծառայութիւնը զարգացուցած է: Ան Քոսթա Մեսայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադիր անդամներէն եւ բարերարներէն մին է ու զանազան պաշտօններով ծառայած է նշեալ եկեղեցւոյ, իսկ թեմական մակարդակով եւս երկար տարիներէ ի վեր եկեղեցանուէր ծառայութիւն կը մատուցէ: Զօրայեան արժանացած է «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորի»չ շքանշանին, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ձեռամբ, որ այս առիթով օրհնութեան եւ գնահատանաց գիր մը յղած էր։
Առաջնորդը ջերմօրէն շնորհաւորեց տէր եւ տիկին Անդրանիկ Զօրայեանը եւ անդրադարձաւ անոնց մատուցած երկար տարիներու անձնուէր ծառայութեան, օրհնեց զիրենք եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց: Ապա Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մուշեղ Ա. քհնյ. Թաշճեան ջերմագին շնորհաւորութիւններ փոխանցեց ամոլին՝ քաջառողջութիւն մաղթելով անոնց:
Անդրանիկ Զօրայեան իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց կաթողիկոսին՝ իր յղած գիրին համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին՝ այս պատիւին համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Մուշեղ Ա. քհնյ. Թաշճեանին եւ բոլոր հիւրերուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ պատուած էին զիրենք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.