ԵՐԵՒԱՆ, «Թերփթ».– Նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ մէջ իրավիճակը հետզհետէ կը վատթարանայ, եւ կացութիւնը կը վտանգուի, Ազգային ժողովի Հայ Ազգային Կոնգրես խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան կոչով Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները Ազգային ժողովի նախագահին մօտ կայացած քննարկումին ընթացքին որոշեցին պատգամաւորներ գործուղել Սուրիա:
Սուրիա մեկնող պատգամաւորական խումբին մէջ ներառուած են Ազգային ժողովի «Հանրապետական» խմբակցութեան անդամներ Տաճատ Վարդապետեանը, Արման Սահակեանը, Կարինէ Աճէմեանը, Դաշնակցութենէն՝ Միքայէլ Մանուկեանը, «Ժառանգութիւն» կուսակցութենէն՝ Թեւան Պողսեանը, Ազգային ժողովի աշխատակազմէն՝ Ռուզան Մանուկեանը: Այս մասին «Թեր»չին յայտնած է Տաճատ Վարդապետեան:
Ան աւելցուցած է, որ պատգամաւորներուն Սուրիա կատարած այցելութիւնը կը նախորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի այցելութեան։