Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեան հանդիպում ունեցած է Երեւանի քաղաքապետարանի հովանիին տակ գործող դպրոցները յաճախող սուրիահայ աշակերտներուն ու անոնց ծնողներուն հետ: Այս մասին տեղեկացուցած են Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երեխաներու ուսուցման, ինչպէս նաեւ շրջապատի հետ հաղորդակցութեան, ընկերային համարկման եւ ընդհանուր դաստիարակութեան առնչուող այլ հարցեր: Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան պետը կարեւոր նկատած է յատկապէս աւարտական դասարաններ յաճախող սուրիահայ աշակերտներու մասնագիտական կողմնորոշման եւ ուսումը Երեւանի որեւէ բարձրագոյն կրթական հաստատութեան մէջ շարունակելու հարցը:
Հանրակրթութեան վարչութեան պետին առաջարկով՝ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ դպրոցական քննութիւններէն ետք: