Շաբաթ, 16 Մայիսի յետմիջօրէին, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի, առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի, քահանայ հայրերու եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, թեմի երիտասարդական յանձնախումբը Մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ յատուկ հանդիպում-զրոյց մը կազմակերպած էր վեհափառին ու երիտասարդութեան միջեւ:
Բացման խօսքը կատարեցին Թամար Յարութիւնեան եւ Քրիսթին Սանդրեան, որոնք լուսարձակի տակ առին հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին ունեցած դերակատարութիւնը ու ներկայի եւ ապագայի նշանակալից առաքելութիւնը: Ապա, խօսք առաւ Անուշաւան սրբազանը, որ ամփոփ ձեւով ներկայացուց հայ եկեղեցւոյ մէջ սրբադասման պատմութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման աշխատանքներու հանգրուանները: Ապա Քնար Մեսրոպեան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով արմատախիլ եղած ու ջարդուած իր ընտանիքի պատմութիւնը, իսկ Նազ Մարգարեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան դրդապատճառներն ու հետեւանքները:
Վեհափառը իր խօսքին մէջ նախ անդրադարձաւ համաշխարհայնացումի երեւոյթին եւ ըսաւ. «Համաշխարհայնացումը փաստօրէն քանդած է ամէն տեսակի մշակութային եւ կրօնական պատնէշ. հետեւաբար, մենք իրապաշտ պէտք է ըլլանք՝ չենք կրնար կղզիացած ապրիլ: Մեր մարտահրաւէրը համաշխարհայնացած այս աշխարհին մէջ ապրիլ է՝ կառչած մնալով մեր եկեղեցւոյ, ազգային ինքնութեան եւ մշակոյթին»: կաթողիկոսը շարունակելով իր խօսքը, անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ ներդրումին մեր ազգային իրաւունքներու պայքարին ու Հայ Դատին, յիշեցնելով, թէ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անթիլիասական շրջանի պատմութիւնը դրոշմուած է պայքարով ի խնդիր մեր ժողովուրդի արդար դատին: Երջանկայիշատակ մեր բոլոր հայրապետները իրենց կարեւոր նպաստը բերած են հետապնդելով մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները: Մենք եւս, ո՛չ միայն շարունակեցինք այս աշխատանքը, այլ զայն փոխադրեցինք իրաւական դաշտ՝ Թուրքիոյ պետութեան դէմ դատ բանալով ու պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը:
Վերջապէս, վեհափառը ընդգծեց միջ-կրօնական երկխօսութեան հրամայականը։
Ապա, ներկայ երիտասարդները կատարեցին զանազան հարցադրումներ, որոնք լուսաբանուեցան կաթողիկոսին կողմէ:
Նոյն առաւօտուն, հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ հանդիպում ունեցաւ Արեւելեան թեմի Ազգային վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն հետ: Կաթողիկոսը լսելէ ետք ժողովականներուն մտահոգութիւնները, գնահատեց առաջնորդ սրբազանին, եկեղեցական դասուն ու եկեղեցւոյ շուրջ գործող մարմիններուն տարած նուիրական գործունէութիւնը: Ապա, իր թելադրանքները կատարեց թեմէն ներս առաւել եւս կազմակերպելու մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր ու ազգային կեանքը, շեշտը դնելով դէպի ժողովուրդ ուղղուած ծառայութեան վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.