
ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ իրաքեան բանակն ու շիի զինեալ խմբաւորումները կը պատրաստուէին Ռամատի քաղաքը վերագրաւելու յարձակումին, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Էլիս Սմիթ յայտնած է, որ Ռամատիի մէջ «Իսլամական պետութեան» ապահոված յառաջխաղացքը ժամանակաւոր է: Սմիթ վստահեցուցած է, որ քաղաքը պիտի ազատագրուի: «Դաշնակից ուժերը պիտի աջակցին իրաքեան զինեալ ուժերուն եւ վերստին պիտի տիրանան քաղաքին», նշած է ան:
Նշենք, որ Իրանի պաշտպանութեան նախարար Հիւսէյն Տահքան Մայիս 18ին Պաղտատ այցելած էր՝ իր իրաքցի պաշտօնակից Խալետ Օպէյտիի հետ խորհրդակցական ժողով մը գումարելու համար:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատած էր, որ Ռամատիի մէջ իրաքեան զինուորական պատրաստուածութիւնը անհրաժեշտ մակարդակի վրայ չէր, եւ կացութեան «մօտալուտ յեղաշրջում»ը խոստացած: Ան նշած է, որ շրջանի բոլոր երկիրները «Իսլամական պետութեան» դէմ են եւ անոր դէմ կռիւին կը մասնակցին, սակայն ճակատամարտերու ընթացքին տեղատուութիւն եւ յառաջխաղացք պիտի ըլլայ: