ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- ՀՀ Գիւղատնտեսութեան փոխնախարարներ Գրիշա Բաղեան եւ Սամուէլ Գալստեան Ուրբաթ, 22 Մայիսին, ամփոփած են նախարարութեան կատարած աշխատանքները, նշելով, որ անասնապահութեան եւ բուսաբուծութեան բոլոր ճիւղերուն մէջ դրական տեղաշարժ արձանագրուած է: Նախարարութեան համապատասխան բաժինները հիմա կ՛ուսումնասիրեն, ճշդելու թէ կարկտահարութեան վերջին դէպքը որքա՞ն վնաս տուած է Արարատեան դաշտին:
Ծիրանի բերքին մասին գիւղատնտեսութեան փոխնախարարը ըսած է. «Իմ 40 տարուայ գիւղատնտեսական աշխատանքի մէջ, որի տասը տարուց աւելին՝ որպէս փոխնախարար, չեմ տեսել նման առատ բերք: Այն շատ լաւ է լինելու»: