ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Փենթակոնի բանբեր Սթիւ Ուորըն յայտարարեց, որ հակառակ Իրաքի Անպար նահանգի մեծագոյն քաղաքին՝ Ռամատիի գրաւման, «Իսլամական պետութեան» դէմ պատերազմի Միացեալ Նահանգներու ռազմավարութիւնը չէ փոխուած՝ շեշտելով, որ Փենթակոնը պիտի չբացայայտէ խմբաւորման դէմ գործադրուելիք որեւէ գործողութիւն: Միւս կողմէ, «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ իրաքեան ոստիկանութենէն եւ Անպարի սիւննի ցեղախումբերէն կազմուած միացեալ ուժ մը, «Իսլամական պետութեան» զինեալներուն հետ բախումներէ ետք, ազատագրած է Ռամատիի արեւելքը գտնուող Ճուպիյէի ոստիկանատունը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.