ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Միլլիյէթ»ի մէջ, Քատրի Կիւրսելի ստորագրութեամբ հրատարակուած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն նուիրուած յօդուած մը, որ դիտել կու տայ, թէ Թուրքիա այսուհետեւ դէմ յանդիման պիտի մնայ հայերու կողմէ հատուցման դատերու ու պահանջներու հետ։ Յօդուածագիրը կը նշէ, որ Թուրքիոյ մէջ այլեւս փուլ եկած է Հայկական Հարցին մասին խօսելու թապուն, ու կ՛աւելցնէ. «Թուրքիա հիմա չի գիտեր, թէ ինչպէս գլուխ պիտի ելլէ շիշէն դուրս եկած այն ուրուականին հետ, որ յայտնուեցաւ թապուին փլուզումէն ետք։ Այս պատճառով Թուրքիա կը խուսափի Հայկական Հարցին հետ առերեսուելէ։ Թուրքիա Ապրիլ 24, 2015ը դիմաւորեց դրական ու ժխտական կէտերու կողմէ ստեղծուած խոր մթութեան մը մէջ։ Կալիփոլիի պատերազմի յաղթանակը, որ ամէն տարի կը տօնուէր Մարտ 18ին, այս տարի Ապրիլ 24ին փոխադրուեցաւ պարզապէս Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկները շուքի մէջ ձգելու նպատակով։ Ասիկա խորամանկ միջոցառում մը կրնար նկատուիլ, բայց կարելի չէ ըսել, որ ասիկա բարոյական բարենիշ մը կը շահեցնէր Թուրքիոյ։ Թուրքիա նմանօրինակ խորամանկութիւններով պիտի չկրնայ կուրծք տալ հայկական նոր մարտահրաւէրներուն, որոնք պիտի բաղկանան նիւթական հատուցում ու կալուածներու վերադարձ պահանջող դիմումներէ»։
Այս խորհրդածութիւններէն ետք յօդուածագիրը կը գրէ, որ Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկին հրաւէրով Երեւան գացած է ու տեսակցութիւններ ունեցած է մտաւորականներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ, հարցնելով, թէ Ապրիլ 24, 2015էն ետք ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց օրակարգը։ «Ստացուած բոլոր պատասխաններուն հասարակաց կէտը այն էր, որ յառաջիկայ շրջանին իրերայաջորդ կերպով պիտի բացուին դատեր ու ետ պիտի պահանջուին օսմանեան շրջանի հայերուն լքեալ հարստութիւնները։ Անշուշտ առաջին գիծի վրայ պիտի գան եկեղեցապատկան կալուածներն ու ինչքերը», կը գրէ ան։
Ըստ անոր՝ Թուրքիոյ ներկայ դիրքը աւելի վատ է, քան 2009ին, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ այդ թուականին ստորագրուած արձանագրութեանց ներկայ վիճակին պատասխանատու նկատելով Անգարան։ «Արձանագրութեանց զամբիւղ նետուած ըլլալը իրարու մօտեցուց նաեւ սփիւռքահայութիւնն ու Հայաստանը։ Եթէ անոնք գործադրուած ըլլային ու Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ աշխոյժ յարաբերութիւններ սկսէին, Սփիւռքն ալ այս խնդիրներէն հեռու պիտի մնար։ Այժմ արտաքին աշխարհը Թուրքիոյ վրայ ճնշում կը գործադրէ, որպէսզի Թուրքիա խոր մթութենէն դուրս գայ ու իրապաշտ մերձեցումով առերեսուի Հայկական Հարցին հետ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.