ՊՈԼԻՍ, «Անատոլու».- Մայիս 21ին, Մարտինի մէջ, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընտրական կեդրոնին մօտ ձայնային ռումբ մը պայթեցաւ, նիւթական վնասներ պատճառելով:
Նոյն օրը, Կիւրսուի քաղաքապետ Ճիւնէյթ Եըլտըզ մահափորձի ենթարկուելով՝ ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ: Ան անդամ է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան: Ըստ լրատուամիջոցներու՝ անոր աշխատասենեակը ներխուժած է ինքզինք իբրեւ ոստիկան ներկայացնող անծանօթ մը եւ կրակ բացած քաղաքապետին ու անոր թիկնապահին վրայ, ապա յաջողած է խոյս տալ:
Սղերթի Վէյսելքարանի քաղաքին մէջ հրկիզուած է իշխող կուսակցութեան ընտրական գրասենեակը:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու խստօրէն քննադատեց ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, որոնք քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան վրայ վերջերս տեղի ունեցած յարձակումներուն գծով ամբաստանած էին իշխող կուսակցութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.