ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հինգշաբթի, Մայիս 14ին Հայց. առաքելական եկեղեցին տօնախմբեց Քրիստոսի Համբարձման տօնը, որ կը նշուի Ս. Յարութեան տօնէն քառասուն օր ետք:
Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ, Հոլիվուտի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ օրուան տօնին մասին քարոզեց Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յարութիւն քհնյ. Թաշճեան: Արարողութեան մասնակցեցան Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան եւ այլ հոգեւորականներ:
Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ կից «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշ, որուն ներկայ գտնուեցան աւելի քան 300 հայորդիներ: Սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած էր առաջնորդարանի Համբարձման յանձնախումբին կողմէ՝ համաատենապետութեամբ Արփի Պարսամի եւ Արաքսի Պոյամեանի:
Այս տարուան ձեռնակը 11րդն էր, որ կազմակերպուած էր Համբարձման յանձնախումբին կողմէ: Յայտագիրը սկսաւ Արաքսի Պոյամեանի (անգլերէն) եւ Արփի Պարսամեանի (հայերէն) բարի գալստեան խօսքով, ապա խօսք առին Հերմինէ Ճանոյեան, օրուան հանդիսավար՝ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան, որ ապա կատարեց սեղաններուն օրհնութիւնը:
Իր խօսքին մէջ առաջնորդը անդրադարձաւ Համբարձման տօնի կարեւորութեան, ըսելով. «Քրիստոսի Համբարձումը մեզի կը փոխանցէ յատուկ պատգամ մը, որն է՝ որպէս քրիստոնեաներ, վերանորոգումը մեր կոչումին»: Ապա սրբազանը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բժիշկներ տէր եւ տիկին Պետրոս եւ Կարինէ Տաղլեաններուն, որոնք ազնուաբար տարիներէ ի վեր կը հիւրընկալեն ճաշը, շնորհաւորեց Արմինէ Տաղլեանը, որպէս օրինակելի անդամ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ՝ գնահատելով անոր երկար տարիներու նուիրեալ եւ բարեսիրական ծառայութիւնները եւ նուիրեց Ս. Էջմիածնի մէջ պատրաստուած խորհրդանշական նուէր մը: Սրբազանը գնահատեց նաեւ յանձնախումբի համաատենապետ Արփի Պարսամի, Արաքսի Պոյամեանի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամներ՝ Հերմինէ Ճանոյեանի (փոխատենապետ), Առլեթ Պիչաքչիի (ատենադպրուհի), Սիլվա Քենտիրճեանի (գանձապահ), Նազիկ Պաքթիարեանի, Ալիս Չաքրեանի, Պելեթ Շահպազեանի եւ Լիան Ստեփանեանի մատուցած ծառայութիւնները: Իրենց կատարած տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ այս տարի եւս յաջողութեամբ պսակուած էր Համբարձման տօնակատարութիւնը:
Ճաշին ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը՝ հայկական ժողովրդային երգերու մասին:
«Անուշ» օփերայէն սքանչելի կերպով հատուածներ ներկայացուցին Էլիզ Թաշճեան, Մարալ Քուրտեան եւ Միշէլ Ռուտ՝ մասնակցութեամբ Ճենի Խաչատուրեանի: Մենապար ներկայացուց Անի Ամիրխանեան՝ «Նայիրի» պարի համոյթէն: Իսկ Ալին Ամարայեան՝ երգիչ եւ կիթարիստ, կատարեց հայկական ժողովրդային երգեր:
Հիւրերը վայելեցին աւանդական «վիճակ»ի ընթերցուած պատգամները եւ գնումներ կատարեցին այս առթիւ ներկայացուած գոյքերէն:
Ձեռնարկին փակման աղօթքը կատարեց Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան: