ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուզլայի «Արմէն» ճամբարի պաշտպանութեան զօրակցող յանձնախումբը Մայիս 27ին նոր ու խիստ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դիտել տուաւ, որ դիմադրութեան 22րդ օրն է ու ճամբարը տակաւին չէ վերադարձուած իր իսկական տիրոջ։
«Հակառակ անոր, որ հաղորդուեցաւ, որ կալուածի այսօրուան սեփականատէրը որոշած է հողամասը նուիրել հայ համայնքին, մինչեւ այսօր այս մասին ոչինչ իրականացած է։ Ուստի, զօրակցական յանձնախումբը դեռ կը շարունակէ պահակ սպասել ու պահանջել, որ անյապաղ ու առանց որեւէ նախապայմանի հայ համայնքին վերադարձուի որբերու ճիգերով կառուցուած «Քեմփ Արմէնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Հաղորդագրութեան մէջ կազմակերպիչները նաեւ կ՛ըսեն, որ իրենց փորը կուշտ է «նմանօրինակ ձգձգողական ռազմավարութիւններով, համակրական կեղծ խօսքերով ու հէքիաթներով» ու կը պնդուի. «Աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր շարունակուող անարդարութիւնը անմիջապէս պէտք է սրբագրուի։ Դիմացիններուն ամբողջ նպատակն է այս խնդիրը քնացնել մինչեւ յառաջիկայ ընտրութեան թուականը ու անկէ վերջ ալ այլեւս մոռացումի տալ ամէն ինչ։ Բայց զօրակցութեան յանձնախումբը պիտի չվհատի»։
Հաղորդագրութիւնը կ՛աւարտի բոլորին օժանդակութիւնը խնդրող կոչով մը։