ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ազատութեան հրապարակին վրայ 28 Մայիսին եւս տեղի ունեցած է ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ բողոքի ցոյց: Հրապարակը բազմամարդ էր: Մասնակիցները կը բացագանչէին՝ «Ո՛չ թալանին»: Գործիչներէն մէկը յայտնած է, որ Երեւանի մէջ կայացող ցոյցին միացած են նաեւ Վանաձորը, Սիսիանը, Ճամբարակը եւ Աշտարակը:
Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀԱԿի ներկայացուցիչ Արամ Մանուկեան վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ եթէ ճնշում բանեցուի, իրենք պիտի վերանային իրենց որոշումը: «Առաւել եւս որ էս վերջին օրերի ընթացքում տասնեակ այլանդակութիւններ են բացայայտուել», ըսած է ՀԱԿի պատգամաւորը՝ յիշելով փոխադրամիջոցի ուղեվարձքի սղութեան քայլին ձախողութիւնը եւ կուտակային կենսաթոշակներու դէմ բողոքի ցոյցերը՝ որպէս պայքարի լաւագոյն օրինակներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.