ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթային վրայ, սուրիական բանակն ու «Հըզպալլա»ն կը շարունակեն զինեալ ահաբեկիչներուն դէմ իրենց բախումները:
Զինեալ ընդհարումներուն շրջագիծին մէջ, «Հըզպալլա» իր հակակշիռին տակ առած է Նահլէի բարձունքներուն հիւսիսարեւելեան կողմը գտնուող Քապհի եւ Նաքքարի բարձունքները՝ քանդելով «Ճապհաթ Նուսրա»ի պատկանող զրահապատ մը եւ ահաբեկիչներու շարքերուն մէջ պատճառելով մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ:
«Հըզպալլա» նաեւ հաղորդեց, թէ Մայիս 27ին, առաջին անգամ ըլլալով անօդաչու սարքի մը գործածութեամբ յաջողած է ծայրայեղականներու դիրք մը չէզոքացնել, սպաննելով առնուազն երեք ահաբեկիչներ։
Միւս կողմէ, Սուրիոյ հետ սահմանին մօտերը գտնուող Արսալի մասին «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւններուն լոյսին տակ Արսալի փոխքաղաքապետ Ահմետ Ֆլիթի շեշտեց, որ Արսալը Լիբանանի կառավարութիւնը պատասխանատու կը նկատէ «Հըզպալլա»ի կողմէ գիւղաքաղաք մուտք գործելուն եւ այդ քայլը կը նկատէ ոտնձգութիւն եւ ներքին յարձակում:
Իր կարգին, «Մուսթաքպալ» հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ Արսալի ապահովութեան հսկելու իրաւասութիւն ունի միայն լիբանանեան բանակը եւ ո՛չ թէ «Հըզպալլա»ն կամ ուրիշներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.