ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Սապահ»ի մէջ Էնկին Արտըչ կրկին ծաղրական ոճով գրած է Հայկական Հարցին մէջ տասնամեակներ շարունակ պաշտօնական շրջանակներէ տարածուած սուտերու մասին։ «Ո՞վ Պիտի Բնակի Գասապեաններու Ապարանքին Մէջ» խորագիրին ներքեւ, ան ցնցիչ ոճով ձաղկած է այն սուտերը, որոնցմով Թուրքիոյ ժողովուրդը սնուցուեցաւ տասնամեակներէ ի վեր։
Ակնարկելով այն ապարանքին, որ մինչեւ վերջերս երկիրի նախագահական պալատն էր, Արտըչ գրած է. «Այս երկրին մէջ վերջին սերունդներուն ոչի՛նչ ըսին, կամ ալ՝ սուտ բաներ ըսին։ Օրինակ, ըսին, որ երբ Մուսթաֆա Քեմալ Էրզրումի ու Սվազի վրայով Անգարա եկած էր, անոր ապարանք մը տրամադրուեցաւ։ Բնական էր, ան հասարակ տեղ մը պիտի չբնակեր ի վերջոյ։ Քաղաքէն դուրս, այգիով ապարանք մը տրամադրուեցաւ։ Մեզի սորվեցուցին, որ այդ ապարանքը յոյնի մը կը պատկանէր։ Նոյնիսկ ըսին, որ այդ յոյնը այնքան կը սիրէ եղեր Մուսթաֆա Քեմալը, որ իր ապարանքը անոր նուիրած է։ Կ՛երեւի, թէ այդ յոյն հայրենակիցը թուրք ազգայնապաշտներու առաջնորդին այդ ապարանքը նուիրած է, որպէսզի ան աւելի լաւ կերպով յոյները վռնտէ Անատոլուէն։ Մենք ալ կլլած էինք ասիկա։ Յետոյ մեծցանք եւ աշխարհը աղտոտեցաւ։ Աւելի ճիշդը՝ աշխարհը լուսաւորուեցաւ։ Սորվեցանք, թէ ապարանքը իրականութեան մէջ հայու մը տունն է եղեր։ Գասապեան ընտանիքին տունը։ Զարմանալի բան։ Անգարայի մէջ հայե՜ր։ Լաւ, բայց արդեօք Պարոն Գասապեա՞նն է, որ այս տունը նուիրած է Աթաթիւրքին։ Ո՛չ։ Որովհետեւ պարոն Գասապեանը 1919ի Դեկտեմբերին մէջտեղէն կորսուած է։ Որովհետեւ այդ շրջանին, ինչպէ ՞ս եղեր է չես գիտեր, Անգարայի մէջ բնաւ հայ չէր մնացեր։ Պետութիւնն ալ ձեռք դրած է Գասապեանի ապարանքին վրայ։ Ինչո՞ւ ձեռք դրեր է։ Որովհետեւ Անգարայի բոլոր հայերը, գլխաւորութեամբ Գասապեանի, մէջտեղե-րէն անհետացեր են։ Իթթիհատա-կանները յանձնախումբ մը կազ-մեցին, որպէսզի ճշդեն, թէ ի՞նչ պիտի ընեն 1915ին հայերու լքած կալուածները։ Այսինքն ինչպէս իրարու միջեւ պիտի թալանեն զանոնք»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.