ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայազգի Սպարտակ Գրիգորեան հանդիսացած է Գերմանիոյ պատանիներու ճատրակի ախոյեան։
Գրիգորեան Վիլինկենի մէջ կայացած Գերմանիոյ մինչեւ 18 տարեկան պատանիներու մրցաշարքին ընթացքին հաւանական 9 կէտերէն 6.5ը խլելով՝ նուաճած է երկրի ախոյեանի տիտղոսը:
Ըստ Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութեան՝ Սպարտակ Գրիգորեան ծնած է Գերմանիա, 1998ին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.