ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Վիւասել-Էմ. Թի. Էս.»ը ամփոփած է համագործակցական ընկերային պատասխանատուութեան ծիրին մէջ իրականացուած ընկերային ներդրումներու 2014ի պիւտճէն։ Իր գործունէութեան առաջին օրէն իսկ այս պատասխանատուութիւնը դարձած է ընկերութեան ռազմավարութեան առանցքային ուղղութիւնը:
Ընդհանուր առմամբ, 2014ին «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ը 2,045,000,000 դրամ յատկացուցած է ընկերային ներդրումներու իրականացման՝ հետեւեալ ձեւով.
Կրթութիւն՝ 670,008,000 դրամ, մշակոյթ՝ 690,800,000 դրամ, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւն, բնապահպանական իրազեկում ու կրթութիւն՝ 190,000,000 դրամ, առողջապահութիւն՝ 237,792,000 դրամ, համայնքային զարգացում՝ 135,000,000 դրամ, մարմնակրթութիւն եւ առողջ ապրելակերպի խրախուսում՝ 121,400,000 դրամ։
2014ին «Վիւասել-Էմ. Թի. Էս.»ը նաեւ ստանձնած է հովանաւորութիւնը շարք մը կարեւոր նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու, ինչպէս՝ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի, Երեւան քաղաքի 2796ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններուն, Ուիլիըմ Շէյքսփիրի ծննդեան 450ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու, «Մեծ չեմպիոններ» եւ «100 վայրկեան» նախագիծերուն՝ տրամադրելով շուրջ 252,000,000 դրամ: Այսպիսով, համագործակցական պատասխանատուութեան ոլորտին մէջ եւ հովանաւորչական ծրագիրներուն համար «Վիւասել-Էմ. Թի. Էս.»ի կողմէ նախորդ տարի կատարուած է 2,297,000,000 դրամի ներդրում: