ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Հայոց դրամագիտութեան մասին գիտաժողով մը կը կայանայ Երեւանի մէջ: Առաջին անգամ կայացող այս գիտաժողովին կը մասնակցին Մեծն Բրիտանիայէն, Ռուսիայէն եւ Վրաստանէն հրաւիրուած գիտնականներ:
«Դրամագիտութեան ոլորտում հայ ժողովուրդն ունեցել է մեծանուն գիտնականներ, իսկ մեր երկիրն աշխարհում յայտնի դրամագիտական կենտրոնններից է», ըսած է Գիտութիւններու ազգային Ակադեմիոյ պատմութեան բաժինի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան:
Գիտաժողովը նուիրուած է դրամագէտ Խաչատուր Մուշեղեանին, որ ուսումնասիրած է հին եւ միջնադարեան Հայաստանի դրամական շրջանառութիւնը, դրամահատարաններու գործունէութիւնը, անդրադարձած՝ չափագիտութեան խնդիրներուն: Դրամագիտական գանձերու եւ առանձին գտածոներու հիման վրայ ճշդած է Հայաստանի դրամաշրջանառութեան փուլային պատմութիւնը:
Ներկայիս, այս ոլորտի զարգացումով կը զբաղի հայ դրամագէտներու փոքր ընտանիքը՝ բաղկացած 10 անդամներէ:
«Չնայած ոլորտում հսկայական աշխատանք է իրականացուել, բայց չբացայայտուած եւ անյայտ բաներ դեռեւս կան», ըսած է հօր ուղին շարունակող դրամագէտ Անահիտ Մուշեղեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.